image

Ուքրանիոյ պատուիրակութիւնը ժամանած է Թուրքիա՝ բանակցութիւններու համար

Ուքրանիոյ պատուիրակութիւնը ժամանած է Թուրքիա՝ բանակցութիւններու համար

Ուքրանիոյ պատուիրակութիւնը հասած է Թուրքիա՝ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններ վարելու համար։ Հանդիպումը նախատեսուած է սկսիլ Իսթանպուլի մէջ, ժամը 19:00-ին, կը հաղորդէ 112.ua-ն։

Բանակցութիւնները նախ տեղի պիտի ունենան Անգարայի մէջ՝ թրքական կողմին հետ, ապա՝ Իսթանպուլի մէջ՝ ռուսական կողմին հետ։ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ռուսթեմ Ումերովը։

Ինչպէս հաղորդած է Քրեմլի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, ռուսական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի օգնական Վլատիմիր Մետինսքին։ Մոսկուան կ՚ակնկալէ, որ «բանակցային հիմնական օրը պիտի ըլլայ չորեքշաբթի՝ Յուլիս 23-ը»։

Նախորդ օրը Փեսքով ըսած էր, որ այս բանակցութիւններէն պէտք չէ հրաշք ակնկալել։