Օրերս իր աղօթքն ու օրհնութեան խօսքը Հալէպի Ազգային Վարժարանի ԺԲ դասարանի ուսանողներուն տուած է Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեան։
Օրհնաբեր արարողութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
2024-2025 տարեշրջանի ԺԲ. կարգի պետական քննութիւններու նախօրեակին, Հինգշաբթի, 10 Յուլիս 2025-ին, առաւօտեան ժամը 09:30-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ աղօթք մատուցեց հալէպահայ վարժարաններու ԺԲ. կարգերու աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ ազատ կարգավիճակով դիմող ուսանողներուն յաջողութեան համար։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան։ Ներկայ էին ԺԲ. կարգի ուսանողները, որոնց կ՚ընկերակցէին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Րէիսեան, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի տնօրէնի ներկայացուցիչ, ընդհ. տեսուչ Մարալ Դերձակեան, ՀԲԸՄ-ի Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարանի Կրթական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սիլվա Տարաքճեան, վարժարաններու դաստիարակներ եւ ներկայացուցիչներ։
Սրբազան Հայրը աղօթքի նուիրուելու մասին խօսելով, անդրադարձաւ յատկապէս պետական քննութեան օրերուն աղօթքով Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ օգնականութիւնը խնդրելու անհրաժեշտութեան, որպէսզի ուսանողները ներքին խաղաղութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ ներկայանան քննութիւններուն եւ իրենց լաւագոյնը ներկայացնեն։
Սրբազան Հայրը օրինակներ մէջբերելով Աստուածաշունչ Մատեանէն, ուսանողներուն պատուիրեց, որ գիտակցութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ մօտենան իրենց կեանքի անկիւնադարձային այս հանգրուանին եւ մաղթեց, որ Ամենակարող Աստուած երկնային իմաստութեամբ եւ օրհնութեամբ ողողէ իրենց մտքերն ու հոգիները։
Ուսանողները հոգեւորականաց դասուն հետ ի խորոց սրտի աղօթեցին առ Աստուած, ապա անոնք հայր սուրբին եւ քահանայ հօր կողմէ արտասանուած յատուկ աղօթք մը եւ սաղմոսներէն հատուածներ լսելով՝ հոգեպէս ներշնչուեցան։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական յորդորներով գօտեպնդեց ուսանողները եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։
Այնուհետեւ, աշակերտները զղջումի աղօթքին մասնակցելով, Ս. Հաղորդութիւն ստացան։
Աւարտին, եկեղեցւոյ տիկնաց յանձնախումբին կողմէ կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ եւ յիշատակի լուսանկար առնուեցաւ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլոր ուսանողներուն։