Օրերս Ալիք Թապագեան, որ կը հանդիսանայ Forget Me Not: Siroun Ararat հատորի հեղինակը, այցելած է Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան։
Հիւրն ընդունուած է վարժարանի ժրաջան տնօրէն՝ Տիար Կրէկուար Գալուստին կողմէ։
Ստորեւ այս մասին վարժարանին կատարած հրապարակումը։
Forget Me Not: Siroun Ararat գիրքի հեղինակ Ալիք Թապաքեան, ուղեկցութեամբ իր գործընկերուհիին, այցելեց Մեսրոպեան վարժարան եւ գիրքէն օրինակ մը նուիրեց տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստին։
Յառաջիկա Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ մրցոյթ մը՝ գիրքին շուրջ, որուն եւ պիտի մասնակցին մեր աշակերտները։