Գարակէօզեան տան խնամակալութեան կողմէ օրերս հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան նոր ատենապետ դարձած է Արթին Քիլեճի։
Միանչ այդ այս պաշտօնը կը վարէր նորոգ հանգուցեալ ազգային բարերար, համայնքային գործիչ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։
Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝
Ազգային բարերար, համայնքային սիրուած գործիչ Տիգրան Կիւլմէզկիլի կորուստը դեռ թարմ է շատերու սրտին մէջ։ Ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ, կը շարունակեն տողանցել ողբացեալի լուսանկարները՝ զանազան առիթներով անմահացած։ Գարակէօզեանի ընտանիքին համար եւս սուգի շրջան է, բայց կան պարտաւորութիւններ։
Խնամակալութիւնը երէկ, 11 Յուլիսին մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց որ ընտրած են նոր Ատենապետ մը. այդ պաշտօնը վստահուած է Արթին Քիլէճիին։ Ստորեւ՝ հաղորդագրութիւնը, թարգմանուած.-
Գարակէօզեան Հայկական Որբանոցի Խնամակալութիւնը խոր վիշտ մը կ'ապրի Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի մահէն ետք։ Յարգանքով ու երախտագիտութեամբ կ'ոգեկոչենք զինքը, միշտ մեր միտքերուն մէջ պահելով իր ըրած բարերարութիւնները՝ ի շահ համայնքին ու մեր հաստատութեան։
Այս անդարմանելի կորուստէն ետք, ստիպուած ենք նոր Ատենապետ մը ընտրել Գարակէօզեան Տան հիմնարկի ապագան ապահովութեան տակ առնելու եւ մեր գործունէութիւնները անխափան շարունակելու համար։
Այս կարեւոր որոշումը կայացուցինք, առաջնորդուելով Գարակէօզեան Որբանոցի հիմնադիր Տիգրան Էֆ. Գարակէօզեանէն մեզի աւանդուած եւ մեզի վստահուած արժէքներէն, դաստիարակութենէն ու գիտակցութենէն։
Մեր հաստատութեան Խնամակալութիւնը իր որոշումը կայացուց միաձայնութեամբ, Ատենապետի պաշտօնը վստահելով ամենափորձառու անդամ Արթին Քիլէճիին, որու անունը եւս նոյնացած է Գարակէօզեան Տան հետ։
Բարին ըլլայ Գարակէօզեան Տան ընտանիքի ու մեր համայնքի համար։
Ո՞վ է Արթին Քիլէճի։
Ծնած է Կեսարիոյ մէջ։ 1966-1967 թուականներուն շրջանաւարտ եղած է Գարակէօզեան որբանոցէն։ 25 տարի շարունակ, Ողբ. Տիգրան Կիւլմէզկիլի հետ աշխատած է ի նպաստ Գարակէօզեան Տան, ձեռք բերելով մեծ փորձառութիւն մը։ Քիլէճի երկու շրջան մը ստանձնած է նաեւ Գնալըի Կազդուրման Կայանի Խնամատար Մարմնի ատենապետութիւնը։