image
Հրատապ լուրեր:

«Արեւիկ» կեդրոնի ուխտագնացութիւնը դէպի Եագուպիէի Ս. Աննա մատուռ

«Արեւիկ» կեդրոնի ուխտագնացութիւնը դէպի Եագուպիէի Ս. Աննա մատուռ

Հայ երեք համայնքապետերուն օրհնութեամբ, օրերս, «Արեւիկ» կեդրոնի սաները իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ միօրեայ ուխտագնացութիւն ունեցած են դէպի Եագուպիէի Ս. Աննա մատուռ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը։

Հայ երեք համայնքապետերուն օրհնութեամբ, Չորեքշաբթի, 25 Յունիս 2025-ին, «Արեւիկ» կեդրոնի խնամակալութեան կազմակերպութեամբ եւ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի գլխաւորութեամբ, կեդրոնի սաները իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ միօրեայ ուխտագնացութիւն ունեցան դէպի Եագուպիէի Ս. Աննա մատուռ։ 

Ժամանելով Եագուպիէ, կեդրոնի սաները աղօթեցին մատրան մէջ, ապա անոնք հաճելի ժամեր անցուցին դալարագեղ բնութեան մէջ, խաղավայրի խաղերով զուարճացան, ինչպէս նաեւ կենդանաբնական պարտէզ այցելեցին, որմէ ետք միասին սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուելով ճաշեցին։

Սաները, յիշատակելի օր մը անցնելով, աղօթքով հոգեպէս նորոգուած եւ բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները։