image

Ալեն Սիմոնեանն ամուսնալուծուեր է. «Իրականում»

Ալեն Սիմոնեանն ամուսնալուծուեր է. «Իրականում»

Irakanum.am-ի տեղեկութիւններով`օրերս ամուսնալուծուեր են ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը եւ Մարիամ Մարգարեանը։

Անոնք դիմած են Արդարադատութեան նախարարութեան ՔԿԱԳ կեդրոն եւ յայտնած ամուսնալուծուելու իրենց ցանկութեան մասին։ Եւ, օրէնքի համաձայն, անոնց տրուած է քանի մը ամիս ժամանակ, որպէսզի գործընթացն աւարտին հասցուի։

Տեղեկութիւնը ճշդելու համար կապ հաստատուած է ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ, որ հաստատած է ամուսնալուծուելու մասին լուրը՝ նշելով, որ շատ կը ցաւի տեղի ունեցածի համար։

Ալեն Սիմոնեանը նաեւ յայտնած է, որ այս թեմայով այլեւս մեկնաբանութիւն չուզեր տալ՝ խնդրելով լրատուամիջոցներէն այլեւս չանդրադառնալ այս անձնական հարցին։

«Առաւօտ»ի տեղեկութիւններով՝ Ալեն Սիմոնեանի եւ Մարիամ Մարգարեանի ամուսնալուծութեան գործընթացը տեղի ունեցած է փոխադարձ համաձայնութեամբ։