Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յուլիս 24-ին երկօրեայ աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ռուսիոյ Դաշնութիւն:
Վարչապետը Ռուսիոյ Ալթայի Հանրապետութեան մէջ պիտի մասնակցի Բնութեան եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան նուիրուած միջազգային համաժողովին:
Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Ալթայի մէջ յուլիս 24-էն 26-ը։ Միջազգային բնապահպանական համաժողովին կը սպասուի որ մասնակցին Հայաստանի, Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Տաճիկստանի, Թուրքմենստանի եւ Ուզպեքստանի կառավարական պատուիրակութիւնները։