image
Հրատապ լուրեր:

Իրան, Ռուսիա եւ Չինաստան Թեհրանի մէջ բանակցութիւններ վարած են իրանեան միջուկային ծրագրի շուրջ

Իրան, Ռուսիա եւ Չինաստան Թեհրանի մէջ բանակցութիւններ վարած են իրանեան միջուկային ծրագրի շուրջ

Թեհրանի մէջ յուլիս 22-ին տեղի ունեցած է Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ներկայացուցիչներու եռակողմ հանդիպում. բանակցութիւններու գլխաւոր թեման դարձած է Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ ստեղծուած ճգնաժամի կարգաւորման հարցը:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այդ մասին յայտնած է Tasnim գործակալութիւնը:

Ըստ գործակալութեան տեղեկատւութեան՝ կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել խորհրդակցութիւնները եւ համակարգել իրենց գործողութիւններն Իրանի միջուկային ծրագրի հետ կապուած ճգնաժամի կարգաւորման ուղղութեամբ: Նշուած է, որ հանդիպումները պիտի շարունակուին «առաջիկայ շաբաթներուն տարբեր մակարդակներով»:

Ինչպէս նշած է գործակալութիւնը, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի պատուիրակութիւններու ղեկավարներն Իրան կատարած այցի ընթացքին առանձին հանդիպած են քաղաքական հարցերով արտաքին գործոց փոխնախարար Մաճիտ Թախթ Ռավանչիի եւ շարք մը այլ իրանցի դիւանագէտներու հետ: