image

Զուիցերիա. Պիտի ցուցադրուի Թամարա Ստեփանեանի «Արթոյի երկիրը» ֆիլմը

Զուիցերիա. Պիտի ցուցադրուի Թամարա Ստեփանեանի «Արթոյի երկիրը» ֆիլմը

Փարիզաբնակ շարժապատկերի բեմադրիչ Թամարա Ստեփանեանի «Արթոյին Երկիրը» (Le pays d’Arto) ֆրանսահայկական ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութեամբ բացումը պիտի կատարուի Զուիցերիոյ Լոքառնօ քաղաքին մէջ, 6էն 16 Օգոստոսին տեղի ունենալիք ֆիլմերու միջազգային փառատօնին։

Ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի «La Piazza Grande» նշանաւոր հրապարակին վրայ, 8 հազար հանդիսատեսներու համար։

«Ուրախութիւն, հպարտութիւն, արցունքներ. Սա շատ կարեւոր է Հայաստանի՝ իմ հայրենիքի համար», «Ֆէյսպուք»իի իր էջին վրայ գրած է Թամարա Ստեփանեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ֆիլմին ստեղծագործական կազմին եւ բոլոր աջակցողներուն։

Նշենք, թէ Զուիցերիոյ Թիչինօ գաւառի Լոքառնօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող այս փառատօնը Եւրոպայի մէջ չորրորդն է՝ Քաննի, Վենետիկի Պիէնալի եւ Պերլինի փառատօներու շարքին։

Ֆիլմին դերասաններն են՝ Քամիյ Քոթէն, Զար Ամիր Էպրահիմի, Տընի Լաւան եւ Յովնաթան Աւետիքեան։

Ֆիլմին ամփոփ պատումը՝ Սելինը առաջին անգամ ըլլալով կ՛երթայ Հայաստան՝ իր ամուսնոյն՝ Արթոյի մահուան պաշտօնական ձեւակերպումները կարգադրելու համար: Ան կ՛անդրադառնայ, որ Արթոն ստած է իրեն՝ պատերազմի մասնակցած եւ կեղծ ինքնութիւն որդեգրած է, իսկ անոր նախկին բարեկամները զայն դասալիք կը համարեն: Այսպէսով, Սելինին համար կը սկսի նոր ճամբորդութիւն մը՝ յայտնաբերելու համար Արթոյին անցեալը… 90ականներու կռիւներուն մասնակցած՝ յաղթականներ, 2020ի պատերազմի հաշմանդամներ… անվերջանալի պատերազմի մը յաճախանքը. կին մը ուրուական մը կը հետապնդէ։ Ինչպէ՞ս ընել զայն թաղելու համար։ Արդեօք կարելի՞ է մեռեալները փրկել։