Արձանը շատ կը հաւնիմ, շատ գեղեցիկ եղած է: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրի որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուրը:
«Ես իմ վրայ պատասխանատւութիւն վերցուցած են ըլլալ Հայաստանի հետ: Յոյս ունեմ Հայաստանին կը սպասէ լաւագոյն ապագան, բայց ինչպիսին ալ ապագան ըլլայ, ես միշտ պիտի ըլլամ Հայաստանի կողքին: Բայց ես ունիմ հօրս լաւատեսութիւնը եւ կը հաւատամ, որ լաւ պիտի ըլլաձ»,- աւելցուցած է ան:
Նիքոլա Ազնաւուրը հրաժարած է պատասխանել քաղաքական հարցերուն:
Յիշեցնենք, որ յուլիս 18-ին, Երեւանի կեդրոնին մէջ՝ «Կինոմոսկուա»-ի դիմաց, բացուած է աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրի արձանը։