image

Զինծառայողի մահուան դէպքով 1 անձ ձերբակալուած է

Զինծառայողի մահուան դէպքով 1 անձ ձերբակալուած է

Զինծառայողի մահուան դէպքի առթիւ 2026 թուականի յունուար 14-ին նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին մէկ անձի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 522-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 2-րդ եւ 3-րդ կէտերով (զինծառայողին անզգուշութեամբ ինքնասպանութեան հասցնելը):

Այս մասին յայտնած է Քննչական կոմիտէի մամուլի խօսնակ Կիմա Աւդալեանը՝ տեղեկացնելով, որ տուեալ անձը ձերբակալուած է:

Անոր նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու վերաբերեալ միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան:

Յիշեցնենք, որ յունուար 14-ին ժամը 09:50-ի սահմաններուն յայտնաբերուած է ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Վահան Խաչատուրի Պետրոսեանի դին՝ հրազէնային վնասուածքով։