Փետրուարը հանրապետութեան մէջ սկսած է տարականոն (անոմալ) բարձր ջերմային ֆոնով: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է օդերեւութաբանութեան եւ հսկողութեան կեդրոնը:
Փետրուար 1-3-ը ինկած ժամանակահատուածին՝ օրական միջին ջերմաստիճանը հանրապետութեան ամբողջ տարածքին չափանիշէն բարձր է 4-6 աստիճանով, իսկ Լոռիի, Տաւուշի եւ Սիւնիքի մէջ՝ 8-12 աստիճանով:
Առաջիկայ օրերուն հանրապետութեան մէջ առկայ տարականոն բարձր ջերմային ֆոնը ոչ միայն պիտի պահպանուի, այլ նաեւ աւելի պիտի բարձրանայ:
Արարատեան դաշտին եւ Երեւանի մէջ այդ օրերուն ջերմաստիճանը պիտի հասնի +12․․․+14 աստիճանի, որ նոյնպէս խիստ բարձր ցուցանիշ է»։