Պաքուի բանտին մէջ ապօրինաբար պահուող Վիգէն Էօլճեքճեանը 45 օր կապի արգելքէ ետք նոյեմբեր 16-ին կարճ հեռախօսազանգ կատարած է ընտանիքին։ Էօլճեքճեանն ըսած է, որ այլեւս չի կրնար քալել, անոր ֆիզիքական վիճակը կտրուկ վատթարացած է, եւ իրեն անհրաժեշտ է սայլակ, որ չէ տրամադրուած։ Այս մասին յայտնած են անոր կինը՝ Լինտա Էօլճեքճեանը եւ փաստաբան Լուսիանա Մինասեանը՝ X-ի էջի միջոցաւ։
Վիգէնին տարած են բժիշկի մօտ, բայց դեղորայք չեն տուած, եւ որեւէ բուժում չէ կատարուած։
Կնոջ եւ փաստաբանի յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ Էօլճեքճեանը որպէս սնունդ կը ստանայ միայն թէյ եւ հաց եւ զրկուած է լիարժէք սնունդէ, որ անոնք կը գնահատեն որպէս դիտաւորեալ զրկանք եւ անմարդկային վերաբերմունք։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ իրավիճակը յատկապէս մտահոգիչ է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին հրապարակային յայտարարութիւններու լոյսին տակ, որոնց մէջ ան խօսած էր «Պաքուի մէջ թէյ»ի մասին՝ որ ընտանիքը կ՚ընկալէ որպէս հայ կալանաւորներու տառապանքներու ծաղրանք։
Ըստ ընտանիքի՝ նկարագրուած պայմանները կրնան խախտել միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ ՄԱԿ-ի Մանտելայի կանոնները, իսկ բուժօգնութեան, սնունդի եւ սայլակի մերժումը լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ Էօլճեքճեանի առողջութեան եւ կեանքի համար։
Անոր ընտանիքն ու փաստաբանը կոչ կ՚ընեն անյապաղ միջազգային միջամտութեան, անկախ բժշկական գնահատման եւ մարդասիրական հասանելիութեան՝ ներգրաւելով ՄԱԿ-ի յատուկ մեխանիզմները, իրաւապաշտպան կառոյցները եւ չէզոք դիտորդները։
***
Լիբանանահայ Վիգէն Էօլճեքճեանին չորս տարի առաջ Ատրպէյճանի մէջ մեղադրանք առաջադրուած է «վարձկանութիւն», «ահաբեկչութիւն», «Ատրպէյճանի պետական սահմանի ապօրինի հատում» յօդուածներով:
2020-ի նոյեմբեր 10-ին անոր եւ Մարալ Նաճարեանին գերի վերցուցած էին ատրպէյճանցի զինուորականները։ Աւելի ուշ Նաճարեանը ազատ արձակուած է։
Վիգէն Էօլճեքճեանը Լիբանանի մէջ ծանր ընկերային-տնտեսական իրավիճակով պայմանաւորուած՝ 2019-ին տեղափոխուած է սկիզբը Երեւան, ապա՝ Շուշի։ 2015 թուականէն ունի Հայաստանի քաղաքացիութիւն։