image

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները խորհրդակցական առցանց նիստ գումարեցին Վեհափառ հայրապետին հետ

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները խորհրդակցական առցանց նիստ գումարեցին Վեհափառ հայրապետին հետ

Լիբանանի մէջ գործող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները խորհրդակցական առցանց նիստ գումարած են Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Հետ։ Նիստին հիմնական օրակարգը եղած է Լիբանանի մէջ տիրող ճգնաժամային կացութիւնը:

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեակ եղաւ «Ազդակ»ի հրապարակումէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Երէկ երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը առցանց խորհրդակցական նիստ մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ գործող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Նիստին մասնակցեցան ՍԴՀԿ-էն` Վանիկ Տաքէսեան, ՀՅԴ-էն` Յակոբ Բագրատունի եւ ՌԱԿ-էն` տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող Շահան Գանտահարեան:

Նիստին հիմնական օրակարգը կը վերաբերէր Լիբանանի մէջ տիրող ճգնաժամային կացութեան: Յայտնենք, որ հովուապետական այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմ գտնուող վեհափառ հայրապետը խոր մտահոգութեամբ եւ ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւի լիբանանեան իրադարձութիւններուն:

Քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները վեհափառին զեկուցեցին տարուող քաղաքական, կազմակերպական եւ բարեսիրական աշխատանքներուն մասին: Զեկուցումներուն ներառուած էին պետական հանդիպումները, Պքերքէի մէջ կայացած հոգեւոր պետերու վեհաժողովին արծարծուած հարցերը, հայահոծ թաղամասերու թէ Այնճարի մէջ գաղթականներու կացութիւնն ու անոնց նկատմամբ տարուող օժանդակութեան աշխատանքները:

Այնուհետեւ քննարկումի կարգով արծարծուեցան տարածաշրջանային կացութիւնը, պատերազմական գործողութիւնները, անոնց ծանր հետեւանքները, միջազգային ընտանիքին վերաբերումը, ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան ներկայ պայմանները, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ Իսրայէլի կատարած յարձակումները եւ այս բոլորին մէջ ու մինչ այժմ զինադուլի անհաւանականութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց հայ քաղաքական կուսակցութիւններու յաճախակի հանդիպումներուն եւ միացեալ խորհրդակցութիւններուն համար, շեշտեց լիբանանահայութեան միասնականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը եւ յատուկ կերպով անդրադարձաւ նաեւ իբրեւ լիբանանահայեր` իրենց համաքաղաքացի գաղթականներուն օժանդակութիւն հասցնելու անհրաժեշտութեան:

«Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ լիբանանեան ասպնջականութեան արժանացած լիբանանահայութիւնը գիտէ՛ այսօր ցեղասպանական արարքներու ենթարկուող իր համաքաղաքացիներուն ձեռք երկարելէ, հաստատեց վեհափառը եւ գնահատեց լիբանանահայ քաղաքական մարմիններուն այս ուղղութեամբ տարած աշխատանքը:

Վեհափառը խօսեցաւ նաեւ Իսրայէլի սանձազերծած յարձակումներուն դիմաց Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին եւ այս առումով Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական դէմքերու հետ իր արծարծած հարցերուն մասին:

Նիստի աւարտին վեհափառ հայրապետը թելադրեց շարունակել քաղաքական կուսակցութիւններու աշխատանքային համատեղ նիստերու գումարումը` յորդորելով, որ նման խորհրդակցական նիստեր յառաջիկային եւս կայացուին: