Հայ կրթական հիմնարկութիւնը յայտարարած է, թէ պիտի զօրակցի Քալիֆորնիոյ հրդեհներուն ընթացքին հրոյ ճարակ դարձած Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանին՝ խոստանալով նեցուկ կանգնիլ վարժարանը վերականգնելու ջանքերուն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Հայ կրթական հիմնարկութիւնը յայտարարեց, թէ կը զօրակցի Քալիֆորնիոյ հրդեհներուն ընթացքին հրոյ ճարակ դարձած Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանին՝ խոստանալով նեցուկ կանգնիլ վարժարանը վերականգնելու ջանքերուն։
Մինչ վարժարանը իր կրթական առաքելութիւնը ժամանակաւորապէս պիտի շարունակէ այլ վայրի մը մէջ, հիմնարկութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ օժանդակելու վարժարանին առաւել քան 190 աշակերտներուն կարիքները հոգալու աշխատանքն, որպէսզի աշակերտներուն կրթական կեանքը կարելի եղածին չափ սահուն կերպով շարունակուի։
«Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի համայնքին կողքին ենք այս դժուար օրերուն։ Կրթութիւնը բարգաւաճ ապագայի մը հիմնաքարը կը հանդիսանայ եւ մեր կարելին պիտի ընենք, որ այս ահաւոր աղէտը նուազագոյն կերպով խանգարէ վարժարանին աշակերտներուն ուսումը», կը յայտնէ Հայ կրթական հիմնարկութեան վարչութեան ատենապետ Սերոբ Պէյլերեան։