Հարուստներու հաւաքներէն յոգնած ենք, ու այս վիճակը անպայման փոխելու երազին համար պէտք է դարձեալ հաւաքուինք ու ճանապարհ բանանք նոր ակօսումներուն։
Տեղէ մը պիտի ծլի այդ երազը, եւ գուցէ այդ տեղը նոյն Կիպրոսի սրտին բացուած Մելգոնեան եղբայրներու դամբանն է , որ յաճախ աւելի լուսաւոր է քան բոլոր դահլիճները կեղծիքի եւ հոգեւոր սովի։
Հաւանաբար ծաղիկ Նիկոսիոյ սրտին վրայ բարձրացող մեծ դամբանին առջեւ։ Աղօթք մը կարճ, հանգիստ մը հոգիներուն եւ ամէն ինչ իր տեղը կ՚իյնայ։
Ահա հոն է, յիշատակը մեծ երախտաւորներուն, որոնք կը կոչուին Աղա Կարապետ եւ Աղա Մելգոնեան եղբայրներ։
Միշտ գինեգոյն եւ թաւիշ ֆէսի ողջ հմայքը եւ դպրոցի դռան դեղին աստիճաններէն դէպի վեր ելլող մեծ սպասումը։
Պատուհանը Մելգոնեանի, եւ դանդաղող կապը աշխարհին հետ։ Դեռ սենեակը Թէքէեանի, որ ցանեց մեծ հունտերը՝ սիրոյ եւ աղօթքի։
Կայարանները կը շատնան, արագ կը վազէ մեր կեանքը, սպասումները եւ յոյսերը կամաց-կամաց օդին կը տրուին եւ այսօրուայ մեր վիշտը, հալածական եւ աքսորեալ բոլոր հոգիներուն անունով, որ դէպի լոյսը կ՚երթան։
Երկուութեան ճիրաններուն մէջ բռնուած ենք հիմա եւ այդ վիճակներուն գերին ենք կարծէք։
Բեմին առջեւ մէկ տեսակ, իսկ երբ առանձին ենք մեր աշխարհին առջեւ բոլորովին այլ երանգի։
Մեր հայացքին առջեւ ճոխ ու հարուստ սեղաններ, պերճանք, ոսկեայ աշտանակներ ու խաչեր, իսկ երբ առանձին ենք նօթի ու թշուառ։
Մեր կեանքի գիծին վրայ առանձնութեան բոլոր շերտերը, հարուստ անուններու, հռչակաւոր մունետիկներու, կիսապարոն ողորմածներու իսկ ներսիդին մեր հոգին փլատակ, մեր տաճարը լքուած եւ մեր ճանապարհը աւարտած։
Ի վերջոյ ինչպէս մտնել այդ վէրքին մէջ, որուն անունը արդէն երկար տարիներ կը հոլովենք առանց գործի։
Կը փնտռենք մեր եսը եւ դամբաններէն անդին, արձաններէն հեռու, գուցէ Մելգոնեանի լքուած զանգին առջեւ «կը սպառնանք» ապրեցնել մեր ոգին։
Կը սպառնանք մենք մեզի, գուցէ մեզի համար անիրաւօրէն եւ կեղծութեամբ...։
Տարիները կը թաւալին, գինիի բաժակ մը կը բարձրացնենք անցնողներու յիշատակին, աւարտական դասարաններու անուն-մականնուններով դաշտագնացութիւն մը կը սարքենք, տեսաերիզ մը կը պատրաստենք ու դարձեալ յունիսեան տապին կը մէկտեղուինք ոգեկոչելու մեծ պարահանդէսը մեր հոգեկան ընկճումներուն։
Գուցէ սերունդներու կորուստ էր պէտք, որ այս բոլորը պատկերէինք, որ այս բոլորը ապրէինք, կամ գուցէ գտնէինք իրական մեղաւորները ու պատժէինք այն ձեռքերը, որոնք ստորագրեցին, որ Նիկոսիոյ սրտին վրայ բացուած մեծ ու սեւ դարպասները փակուէին մեր աչքին առջեւ։
Ինչքան թափառեցանք, ինչքան փնտռեցինք ճար ու դարման մեր ցաւերուն, սակայն եւ լուր վերադարձանք Մելգոնեանի հին պատմութեան, որուն դեղին էջերը կամաց-կամաց թերթեցինք միասին, որուն երգերը երգեցինք եւ որուն պարարտ ու համով ուտելիքները մեր հոգիին մէջ լեցուցինք։
Գուցէ աղօթք էր կրթութիւնը Օսմանեան կայսրութեան բոլոր եւ հեռագնայ ճանապարհները գծող մեր նախնիներուն համար, որոնք դարի՜ւ-դարի՜ւ, փայլուն մետաքսներու շերամը ուղարկեցին մինչեւ Մանչեսթըր։
Գուցէ երկիւղածութիւն էր բառն ու ասքը այն աւագներուն համար, որոնք հատեցին Նեղոսի տաք ջուրերը, որոնք լումայ առ լումայ հաւաքեցին իրենց ոսկիները ու յետոյ ուր որ հասան, դադար տուին իրենց երազներուն ու իրենց տրտում հայացքը դէպի ներս նետելով ըսին՝ «Պէտք է փրկենք այս որբուկները, անոնք հայերէն պիտի խօսին այլեւս, հայերէն պիտի գրեն ու հայերէն պիտի երգեն այլեւս...»
Գուցէ սէրն էր դէպի իւրայինը, դէպի սերմը ազգի ու տոհմութեան, որ զիրենք, այդ մեծ նուիրեալները մղեց կերտել մեր լոյսի այն արշալոյսը, որուն շողերը դեռ չեն մարած ու լոյս կու տան բոլորին ...։
Եւ գուցէ նուիրումն էր մեծ ու երեւելի, որ առանց այսօրուան մեծ սրահներու բոցավառ լոյսերուն զիրենք դարձուց օրինակը մեր ազգին։
Յոյսի մարող այս ժամանակներուն, երբ մեր աշխարհը ամէն օր կը փոխուի, երբ մեր ձայնը ամէն օր կը կասի եւ երբ մեր մեծ հարցումները ամէն օր կ՚աւելնան, փրկութեան լաստ է պէտք մեզի անցնելու համար այս մեծ փորձութեան ջուրերէն։
Մեր եսը, մեր ճամբորդող ոգին, մեր սպասումը եւ մեր ճանապարհները տարիներով չեն չափուիր։
Ժողովներով չեն կիսուիր, մեծ սրահներու եւ լուսաւոր դահլիճներու մէջէն լսուող եւ օդին կրակուած կեղծ խօսքերով չեն լեցուիր։
Մեր ծուծը կը դատարկուի, եւ հարկ է փնտռել մեզ կորուսներէն փրկողը, որ կամաց-կամաց նոր արեգակներ պիտի բերէ մեզի։
Մեզի պէտք է, որ նոր սերունդները նորէն գտնեն իրենց նուիրեալներուն, ու հաւատան, որ լոյսի այն ճամբան, որուն ակօսները Մելգոնեան եղբայրները բացին դեռ չէ փակուած...։
Ինչքան գեղեցիկ կը հնչեն գովասանքի այն խօսքերը, որոնց ականջ կու տանք յաճախ։
Գովերգանք առ ոչնինչ, պալատական եւ «նուվո ռիշ» անուններուն վրայէն սահելով սնամէջ ու դատարկ ատենները կը սահին կամացօրէն ու միւս կողմէ ժամացոյցի մեծ սլաքներուն հետ, մեր սերունդները կ՚օտարանան։
Մեզի հաւատացող, հաւատքին ու լոյսին իմաստ տուող առաջնորդներ են պէտք։
Յոգնած ենք նկարուողներէն, յոգնած ենք « պատկեր մը քաշուինք» ըսողներէն, յոգնած ենք իրենց անհեթեթ հանդիպումներու նկարները ցուցադրողներէն։
Հարուստներու հաւաքներէն յոգնած ենք, ու այս վիճակը անպայման փոխելու երազին համար պէտք է դարձեալ հաւաքուինք ու ճանապարհ բանանք նոր ակօսումներուն։
Տեղէ մը պիտի ծլի այդ երազը, եւ գուցէ այդ տեղը նոյն Կիպրոսի սրտին բացուած Մելգոնեան եղբայրներու դամբանն է , որ յաճախ աւելի լուսաւոր է քան բոլոր դահլիճները կեղծիքի եւ հոգեւոր սովի։
Սագօ Արեան