image

Հայաստանի իրական ներուժը. Իւրայատուկ մետաղներ եւ ջրային հարուստ պաշարներ

Հայաստանի իրական ներուժը. Իւրայատուկ մետաղներ եւ ջրային հարուստ պաշարներ

Միշտ էական հարցում մը հալածած է մեզմէ շատերը։ Իրողապէս եւ անկեղծօրէն գիտենք մեր ունեցած բնական պաշարներու կարեւորութիւնը, կը գիտակցինք արդեօ՞ք, որ ինչքան կարեւոր է մեր հանքային հարստութիւնը։

Գաղտնիք մը բացած պիտի չըլլանք անշուշտ, եթէ շեշտենք, որ այսօրուան կտրուածքով եւ կեանքի արագ փոփոխութիւններու լոյսին ներքոյ բնական պաշարները, հանքային հարստութիւնները եւ տարատեսակ մետաղները եկած են լրացնելու այն բացը, որ կրնայ ստեղծուիլ նաւթի պաշարներու նուազումով։

 Մարդկային քաղաքակրթութեան տեսակէտէն, երբ հաշուի նստինք բնութեան բերած դրական եւ առաւելապէս ժխտական «նորութիւններ»ուն հետ, ապա պիտի յիշենք, որ մարդկութիւնը ազդուելով իր շուրջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններէն միշտ ալ կարողացած է իր առաջ դրուած խնդիրներուն համար որոշակի լուծումներ ձեռք ձգել։ Յաճախ այդ լուծումները եղած են մասնակի, հանրութիւննըերը կամ չեն «վարժուած» այդ լուծումներուն, կամ ալ դժուարութեամբ ընկալած են այդ փոփոխութիւնները։

Այսօր ալ իրավիճակը տարբեր չէ։ Այն իմաստով, որ բնակչութեան աճին, տնտեսական տատանումներուն, աղքատութեան ցուցանիշներու բարձրացման կողքին մարդկութիւնը պէտք է հետամուտ ըլլայ կիրառել այնպիսի նորարարութիւններ, որոնց ճամբով ալ մարդիկ կարողանան նուազեցնել օրըստօրէ մարդկութիւնը հալածող ու պաշարող երկու հիմնախնդիրները։

Բնութեան եւ կենսոլորտի կեղտոտուածութիւնն ու ապականումը եւ ապա նաեւ  կանաչ տարածքներու նօսրացումը, չորութիւնն ու անապատացումը։

Երկու հիմնահարցերու լուծման առընթեր Հայաստանն ունի բաւարար մեծ ներուժ, որ մինչեւ այս պահը կարելի չէ եղած լիապէս օգտագործման դնել։

Առաջին տարաբնոյթ եւ հազուագիւտ հանդիսացող մետաղական պաշարներու հարստութիւնն է, իսկ երկրորդը որ նոյնքան կենսական է ջրային մեծ պաշարներն ու հարստութիւնն են։

Այս բոլորն անշուշտ կարիքն ունին ամէնօրեայ ուսումնասիրութիւններու եւ  այդ առումով ալ Միջազգային գործընկերներ գտնելու դրոյթներուն հետ, որոնք պիտի կարողանան ապահովել Հայաստանի շահը եւ միեւնոյն ժամանակ ալ մարդկութեան ու միջազգային ընտանիքին տան այն ինչ որ պիտանի է եւ օգտակար։

Ի դէպ այս առումով ալ օրերս կարեւոր դիտարկումներ կատարած է Հայաստանի մէջ 1935 թուականին հիմնադրուած` ԳԱԱ երկրաբանական գիտութիւններու հիմնարկի տնօրէն Խաչատուր Մելիքսէթեան։

Ստորեւ Խաչատուր Մելիքսէթեան շահեկան խօսքը, որ աւելի վաղ լոյս տեսած է «Հանքագործ/ մետալուրգ» պարբերականին մէջ։

Հայաստանի յայտնի ու անյայտ ընդերք

«Մեր հասարակութեան մէջ թիւրիմացութիւն կայ. երկրաբանութիւնը հիմնականին մէջ կը կապեն հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին ու օգտակար հանքանիւթերուն հետ։ Օգտակար հանքանիւթերու երկաբանութիւնը, հանքավայրերու կառուցուածքը, ի հարկէ, կարեւորագոյն ուղղութիւններէն են, բայց շարք մը այլ ուղղութիւններ ալ կան, որոնք նոյնպէս շատ կարեւոր են պետութեան համար այդ կերտուածական է, ժաժաչափը, հրաբխագիտութիւնը, նստվածքաբանութիւնը հնէաբանութիւնը տիեզերական արուեստագիտութեան կիրառումը երկրաբանութեան համար։ Խորհրդային տարիներուն Հայաստանի հիմնական հանքավայրերը ուսումնասիրուած են, իսկ մեծ ու միջին հանքավայրերու համար պաշարներ հաշուուած են: Այժմ անոնց մէկ մասը կ’օգտագործուի, մէկ մասը կը պատրաստուի օգտագործուելու , կան հանքավայրեր, օրինակ, Ամուլսարը, որ վերջին տասնամեակին է որ ուսումնասիրուած եւ պատրաստուած է օգտագործուելու:

 Միւս կողմէ պղինձի, մոլիպտենի, ոսկիի, երկաթի պաշարները գնահատուած են: Գնահատումը եղած է հիմնականին մէջ խորհրդային տարիներուն, ի հարկէ, նոր ուսումնասիրութիւններ նոյնպէս կ’իրականացուին: Բայց ժամանակները կը փոխուին, օգտակար հանածոներու նկատմամբ պահանջարկը՝ նոյնպէս կը փոխուին: Եթէ, օրինակ, պրոնզէ դարուն, 5000-3000 տարի առաջ, կարեւոր էին պղինձը, անագը, կապարը, ոսկին, արծաթը, 20-րդ դարուն արդիւնաբերութեան մէջ արդէն 30 տարր կ’օգտագործուի, այսօր այդ շարքը կը ծաւալի, որովհետեւ արհեստագիտութիւնները կը զարգանան, փոխուած են նաեւ արդիւնաբերական արտադրութեան տեսակները։ Այժմ, օրինակ, տարեկան մի քանի հարիւր միլիոն բջիջային հեռախօսներ կ’արտադրուին որոնք իրենց մէջ կը պարունակեն 60-է աւելի քիմիական տարրեր: Նոյնը նաեւ արեւային վահանակներու, ելկետրամոլպիլներու արտադրութեան կը վերաբերի։ Ուստի անհրաժեշտ է վերագնահատել, այսպէս կոչուած, ռազմագիտական մետաղները որոնք վերջին տասնամեակներուն սկսած են օգտագործուիլ: Պոչամբարներուն մէջ կուտակուած պոչանքի վերագնահատման կարիք կայ նաեւ: Ոսկիի հանքավայրերը հարուստ են թելուրով, ոսկիի հանքայնացումը յաճախ թելուրդիներու-ոսկիի եւ թելուրի միացութիւններու ձեւով հանդէս կու գան: Բայց թելուրը առանձին չէ կուտակուած թափուելիք մնացորդներուն մէջ։ Եթէ վերագնահատուի, հաւանաբար կարելի կ’ըլլայ օգտագործուի: Հիմա այդ կիսամետաղ համարուող տարրը կուտակուած է մնացորդներուն մէջ։ Այժմ ԳԱԱ Երկրաբանական գիտութիւններու հիմնարկին մէջ պետական ֆինանսաւորումով ռազմագիտական մետաղներու կարողականութեան գնահատում կը կատարուի։ Հնգամեայ ծրագիրը արդէն էական արդիւնք արձանագրած է: Կ’ամբողջանան հետազօտութիւններու արդիւնքները ու եզրակացութիւնները կը ներկայացուին կառավարութեան:

 

 Ջրային հարուստ պաշարներ 

«Հայաստան հարուստ է նաեւ ստորգետնեայ ջուրերով։ Առկայ է այդ ջուրերու արդիւնաւէտ օգտագործման լրջագոյն խնդիր: Ոչ մետաղական օգտակար հանածոներու զարգացման ներուժ նոյնպէս կայ: Կը սկսի զարգանալ ընդերքի հետ կապուած նոր ուղղութիւն մը ` երկրաջերմային կենսուժը: Մեր հիմնարկին մէջ կ’իրականացնենք երկրաջերմային կենսուժի կարողականութեան գնահատանք, ծրագրի աւարտին կը ներկայացնենք ոլորտը զարգացնելու ուղղուած առաջարկներ։ Երկրաջերմային կենսուժը ընդերքի աղբիւր է եւ ունի ներուժ զարգացնելու այս հեռանկարային ոլորտը։ Ան, ըստ էութեան, տեղական կենսուժի աղբիւր է: Մեր ելեկտրակենսուժի մեծ մասը կ’արտադրուի միջուկային վառելիքի եւ կազի հաշւոյն, որոնք կը ներմուծուին: կենսուժի անվտանգութեան համար ցանկացած տեղական աղբիւրը կրնայ մեծ նշանակութիւն ունենալ: Բացի այդ այլ ընտրանքային կենսուժի աղբիւրներէն, երկրաջերմային կենսուժը միակն է, որ ունի հաստատուն հզօրութիւն»

 

 Նիւթը պատրաստած է «Արեւելք»ը 

 Օգտուած ենք՝ «Հանքագործ/ մետալուրգ» ամսագրէն