Պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման քաղաքական բիւրոյի փոխ ղեկավար Մուսա Ապու Մարզուք պիտի ժամանէ Մոսկուա՝ բանակցութիւններ վարելու, գրած է ՌԻԱ Նովոսթի:
«Ապու Մարզուք Մոսկուա պիտի ժամանէ երկուշաբթի»,- ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը:
Անոր խօսքով՝ Մոսկուայի մէջ Մարզուք հանդիպումներ պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ։
Կազայի մէջ հակամարտութեան սրումէն ի վեր Մոսկուայի մէջ քանի մը հանդիպումներ տեղի ունեցած են ՀԱՄԱՍ-ի ներկայացուցիչներուն հետ: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 2023-ի 26 հոկտեմբերին, խօսքը 7 հոկտեմբերին Իսրայէլի վրայ յարձակման ժամանակ պատանդները ազատ արձակելու մասին էր։