image

Ուքրանիան համաձայնած է ԱՄՆ-ի առաջարկած 30-օրեայ հրադադարին. Ռուսիան ինքնուրոյն որոշում պիտի կայացնէ

Ուքրանիան համաձայնած է ԱՄՆ-ի առաջարկած 30-օրեայ հրադադարին. Ռուսիան ինքնուրոյն որոշում պիտի կայացնէ

Ուքրանիան ընդունած է Միացեալ Նահանգներու առաջարկած 30-օրեայ հրադադարը՝ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ պաշտօնեաներու միջեւ կայացած խաղաղութեան բանակցութիւններէն ետք։ Այս մասին հաղորդած է CNN-ը։

Աւելի քան ութ ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ նախատեսուող հրադադարը կը ներառէ Ռուսիոյ հետ ռազմական գործողութիւններու ամբողջ ճակատային գիծը, օդային եւ ծովային տարածքները։

«Ուքրանիան կ՚ընդունի այս առաջարկը, մենք զայն դրական կը համարենք, մենք պատրաստ ենք այդպիսի քայլի երթալու, եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է համոզէ Ռուսիան՝ նոյնը ընելու», – ըսած է Զելենսքին՝ աւելցնելով, որ հրադադարը պիտի սկսի այն պահուն, երբ Մոսկուան համաձայնի անոր։

Սէուտական Արաբիոյ մէջ կայացած հանդիպումէն ետք, համատեղ յայտարարութեան մէջ, ամերիկեան կողմը յայտնած է, որ «անմիջապէս պիտի վերացնէ հետախուզական տուեալներու փոխանակման դադրեցումը եւ պիտի վերսկսի Ուքրանիոյ անվտանգութեան աջակցութիւնը»։

Ուքրանական կողմը հաստատած է, որ Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան աջակցութիւնը վերսկսած է։

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարար Մարքօ Ռուպիոն անմիջապէս հանդիպումէն ետք յայտնած է, որ այժմ Ռուսիոյ հերթն է քայլեր ձեռնարկելու՝ պատերազմը դադրեցնելու համար։ «Մենք կը յուսանք, որ անոնք պիտի ըսեն՝ այո խաղաղութեան։ Գնդակը այժմ անոնց դաշտին մէջ է», – ըսած է Ռուպիոն։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ողջունած է այս որոշումը եւ խոստացած՝ խօսիլ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ այս ծրագրի մասին, հաւանաբար այս շաբաթուան ընթացքին։

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան, մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ բանակցութիւններու արդիւնքները, յայտարարած է, որ Ռուսիան իր դիրքորոշումը կը ձեւաւորէ ոչ թէ արտասահմանեան որոշ կողմերու միջեւ պայմանաւորուածութիւններու կամ ջանքերու հաշուոյն, այլ՝ ինքնուրոյն։

«Ռուսիոյ Դաշնութեան դիրքորոշման ձեւաւորումը տեղի կ՚ունենայ Ռուսիոյ Դաշնութեան ներսը՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ», – ընդգծած է Զախարովան։

Աւելի առաջ, Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Սերկէյ Լաւրովը յայտարարած էր, որ Ռուսիան կողմ չէ կարճաժամկէտ զինադադարին։

«Մեզի համար կարեւոր է ոչ թէ զինադադարը, որ պիտի արտօնէ Ուքրանիոյ կրկին ու կրկին զինուիլ եւ զէնք ուղղել մեր երկրի վրայ, այլ՝ երկարաժամկէտ կայուն խաղաղութիւնը՝ հիմնուած  հակամարտութեան իսկական պատճառներու վերացման վրայ», – ըսած է Լաւրովը։