«Gallup International Association»-ի հայաստանեան ներկայացուցիչը նոր հետազօտութեան տուեալներ ներկայացուցած է։ Արդիւնքները լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ներկայացուցած է ներկայացուցիչի ղեկավար Արամ Նաւասարդեան։
Հարցուողներէն խնդրած են պատասխանել՝ ի՞նչ կը կարծեն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան գործող Սահմանադրութիւնը պէտք է փոփոխուի՞։ Հարցման արդիւնքներուն համաձայն՝ 18,74% նշած է, որ պէտք է որոշ դրոյթներ փոխել, 7,5% ըսած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անհրաժեշտ է լիովին նոր Սահմանադրութիւն, իսկ 59,6% վստահեցուցած է, որ Սահմանադրութիւնը պէտք է մնայ անփոփոխ։ Մնացած 14,5%-ը դժուարացած է պատասխանել։
«Մենք ներկայացուցած ենք յունուար 24-ի տուեալները, երբ 14% ըսած էր, որ պէտք է որոշ դրոյթներ փոփոխել, 13%-ը նշած էր, որ անհրաժեշտ է ամբողջովին նոր Սահմանադրութիւն, 34,2% ըսած էր, որ Սահմանադրութիւնը պէտք չէ փոփոխել, իսկ 38% դժուարացած էր պատասխանել։ Իրականութեան մէջ պատկերը բաւականին տարբեր է, եթէ նայինք նաեւ յուլիս 24-ի հարցախոյզին, երբ Ալիեւը բարձրաձայնեց այս հարցը՝ պնդելով, որ Հայաստանը պէտք է փոխէ Սահմանադրութիւնը, այդ ժամանակ պատկերն այլ էր։ Այն ատեն միայն 11% նշած էր, որ պէտք է որոշ դրոյթներ փոխուին։ Այսօր, սակայն, կրնամ միանշանակ ըսել, որ մեր քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը դէմ է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութեան»,- նշած է «Gallup International»-ի ներկայացուցիչ Արամ Նաւասարդեան։
Նշենք, որ հարցախոյզը կատարուած է հեռախօսային հարցազրոյցի միջոցով, եւ մասնակցած են 1,100 մարդ։ Հետազօտութիւնը իրականացուած է Փետրուար 27-Մարտ 6 ժամանակահատուածին։