image

Հայաստանն արդէն յայտնած է իր մօտեցումները խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ Ատրպէյճանի 12-րդ առաջարկի վերաբերեալ․ Արարատ Միրզոյեան

Հայաստանն արդէն յայտնած է իր մօտեցումները խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ Ատրպէյճանի 12-րդ առաջարկի վերաբերեալ․ Արարատ Միրզոյեան

Հայաստանը արդէն յայտնած է իր մօտեցումները՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի շուրջ՝ Պաքուէն ստացած 12-րդ առաջարկին վերաբերեալ։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Քասփար Վելտքամփի հետ միասին կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։

«Մենք արդէն յայտնել ենք մեր մօտեցումը խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ ադրբեջանական 12-րդ առաջարկի մասին, եւ առաջիկայում ադրբեջանական կողմի հետ հնարաւորութիւն կ՚ունենանք քննարկել այդ մօտեցումը եւ, ընդհանուր առմամբ, այդ համաձայնագրի ստորագրման կամ համաձայնեցման հետ կապուած բոլոր հարցերը»,- ընդգծած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը։

Նախարար Միրզոյեան նշած է, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը, մնացեալ հարցերէն բացի, կը քննարկեն նաեւ այնպիսի խնդիրներ, ինչպէս երկու պետութիւններու միջեւ պետական սահմանին վրայ երրորդ կողմի ուժերու բացառումը, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւական հարթակներու մէջ իրարու դէմ ներկայացուած հայցերու մերժումը։

«Եթէ խաղաղութեան պայմանագիրը համաձայնեցուի, ստորագրուի եւ մտնէ ուժի մէջ, այդ կէտերը, ինչպէս նաեւ միւս բոլոր դրոյթները, պարտադիր կերպով պէտք է կատարուին»,- նշած է Միրզոյեան։