Ամերիկացի քրիստոնեայ առաջնորդներու դաշինքը նամակ յղած է նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ կոչ ընելով վճռական քայլեր ձեռնարկելու՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ պահուող 24 քրիստոնեայ պատանդներու՝ 23 հայերու եւ մէկ կրօնափոխ ազերի քրիստոնեայի ազատ արձակման համար, կը հաղորդէ christiannewswire.com-ը։
Բաց նամակի տակ ստորագրողները վկայակոչած են հաւաստի տեղեկութիւններ՝ խոշտանգումներու եւ շարունակուող բռնութիւններու մասին՝ ընդգծելով իրենց համոզումը, թէ նախագահ Թրամփի ղեկավարութիւնը ունի եզակի դիրք այս ճգնաժամը լուծելու համար, եւ որ անհրաժեշտ են շտապ քայլեր՝ քրիստոնեաներու կեանքը փրկելու համար։
«Մենք կը հաւատանք, որ դուք միակն էք, որ կրնաք փրկել քրիստոնեայ պատանդները։ Մօտաւորապէս երկու տարի առաջ, Ազերպէյճան էթնիք զտումներ իրականացուց աւելի քան 120,000 քրիստոնեայ հայերու դէմ, սակայն Պայտընի վարչակազմը մերժեց որեւէ քայլ ձեռնարկել։ Այդ ժամանակէն ի վեր, 23 քրիստոնեայ հայ պատանդներ եւ մէկ կրօնափոխ ատրպէյճանցի կ՚ենթարկուին խոշտանգումներու։ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին՝ միակ կազմակերպութիւնը, որուն արտօնուած էր ստուգել անոնց վիճակը, վերջին օրերուն հրամայուած է լքել երկիրը», – նշուած է նամակին մէջ։