Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօն յայտարարած է, որ պաղեստինեան «Համաս» շարժման կողմնակիցները պիտի վտարուին Միացեալ Նահանգներէն։
«Մենք պիտի չեղարկենք Ամերիկայի մէջ «Համաս»-ի կողմնակիցներու վիզաները եւ/կամ «Կրին քարտ»-երը, որ անոնց հնարաւոր ըլլայ արտաքսել»,- գրած է Մարքօ Ռուպիօն X-ի էջին։ Ան գրառման կցած է աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու սահմանապահ ծառայութեան կողմէ պաղեստինցի ուսանող Մահմուտ Խալիլի ձերբակալութեան լուրը։ Մահմուտ Խալիլը Նիւ Եորքի Քոլումպիայի համալսարանի ուսանող է:
2024 թուականին պաղեստինամէտ ուսանողները վրանային ճամբար հիմնած են համալսարանի շէնքի մօտ։ Մահմուտ Խալիլը անոնց անունով համալսարանի ղեկավարութեան հետ գլխաւոր բանակցողներէն էր: Ան մարտ 9-ին ձերբակալուած էր: