Հայաստան- Հալէպահայ մտաւորական Թորոս Թորանեան օրերս Երեւան հաստատուած է: Թորանեան (85 տարեկան) , որ կը համարուի Սուրիահայ աւագագոյն մտաւորականը իր համալսարանական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի մէջ: Ան հրապարակած է տասնեակ հատորներ եւ աշխուժ ներկայութիւն եղած է Հալէպահայ ազգային- գրական կեանքին մէջ: Թորանեանի մասին նշմար մը ստորագրած է հայրենի մտաւորական Լեւոն Մութաֆեան: Մութաֆեան հակիրճ ակնարկով մը ներկայացնելով հալէպահայ մտաւորականը նաեւ կը գրէ, որ Թորանեան այսօր կ'ապրի նիւթական ծանր պայմաններու տակ: Ան օրինակ մը բերելով նաեւ նկատել կուտայ-, որ Թորանեան կ'ապրի վարձու տան մը մէջ եւ ամսական կտրուածքով կը վճարէ 400 ամերիկեան տոլար: Լ. Մութաֆեան աւարտին յոյս յայտնած է, որ Թորանեանին օժանդակութեան ձեռք կ'երկարի մանաւանդ, որ Հալէպի աւագագոյն գրողը ներկայ պահու դրութեամբ գործազուրկ է: