2015 Թուականին էր, երբ Հայաստանի Հանրապետութեաներրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան հանրութիւնը հրաւիրեց հանրաքուէի։ Խնդիրը կապուած է նոր Սահմանադրութեան մը վաւերացման։ Հանրաքուէն տեղի ունեցաւ նոյն տարուան 6 դեկտեմբերին։ Հանրութիւնը, որուն եւ Սերժ Սարգսեանի միջեւ մեծ վիհ մը արդէն գոյացած էր 66,2%- համեմատութեամբ «այո՛» քուէարկեց Սահմանադրական բարեփոխումներուն։
Երկրի ընդդիմութեան կողմէ «Կարուած Սահմանադրութիւն» կոչուեցաւ այդ Սահմանադրութիւնը, որուն միտք բանին Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան «վերարտադրութեան» ապահովումն էր...։
Սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող Հայաստանին համար, գրեթէ «լիւքս» բան կը համարուէր նոր Սահմանադրութիւն մը մշակելու եւ հանրութեան դատին ներկայացնելու խնդիրը։ Երկիր, որն ունէր բաւական խորքային հիմնահարցեր, կ՚ապրէր ու կը տատանէր երկու իրականութիւններու միջեւ։ Մէկ իրականութիւնը Սերժ Սարգսեանի եւ անոր շուրջ բոլորուած քաղաքական-ապահովական եւ կրօնական վերնախաւի «իրականութիւնն» էր, իսկ միւսը, աւելի լայն տարողութեա վրայ ինքզինք պարտադրած իրականութիւնը, Հայաստանի ժողովուրդին, անոր քաղաքական եւ քաղաքացիական ընդդիմադիր հասարակութիւններուն ու նաեւ Արցախի պաշտպանութեան համար արիւն-քրտինք տուած ժողովուրդին իրականութիւնն էր։
Ի վերջոյ այս երկու հասարակութիւններն էին, որ ոչ մէկ անգամ զիրարլսել ուզեցին, կամ իրարու հետ գործակցիլ կամեցան։
Իշխանութիւնները, որոնք «կը լողային» ամէն տեսակի բարիքներու եւ գումարներու մէջ, այնքան մը օտարուեցան ու կտրուեցան հասարակութիւնէն, որ ստեղծուած վիհը, ոչ միայն աճեցաւ, այլ ստեղծեց երկու իրարմէ օտարուած, եւ ամէն պահու իրար դէմ թշնամական թոյն թափող «հասարակութիւններ»։ Ի հարկէ հասարակութիւն բառով իշխանութիւնը բնութագրելու կամ ներկայացնելու փորձը, քիչ մը շռայլութիւն է, պարզ անոր համար, որ երկու «խումբեր»ուն թիւերը, ոչ միայն անահաւասար էին, այլ նաեւ անհամեմատելի...։ Ու այդ պարզ ընթացքով էր , որ Հայաստանի դժգոհ խաւերը, գտան պատեհ առիթը եւ փողոց իջնելով տապալեցին, ոչ միայն Սերժ Սարգսեանը, այլ անոր շուրջ գոյացած «պալատական դասակարգ»ը։
Այս բոլորին միտք բանին միայն իրավիճակը ներկայացնելու փորձը չէր, այլ աւելին ըսե, որ ըորեւէ տեսակի փաստաթուղթ, Սահմանադրութիւն, կանոնակարգ կամ նոյնիսկ ստորագրութիւն ու կնիք անկարող են դիմադրել հասարակութիւններու կեցուածքներուն եւ հատու տեսակէտներուն։
Սահամանդրութեան հանրաքուէն յաջողցուցած Սերժ Սարգսեան, այդ փուլէն ետք մտաւ ամբողջական օտարման փուլ մը, որ աւարտեցաւ «Ես սխալ եմ, դուք ճիշդ էք Նիկոլ Փաշինեան» «բնորոշիչ» թելադրականութեամբ։ Այստեղ կային բազմապիսի հարցեր, որոնց պորտալարը անմիջականօրէն կապուած էր ու տակաւին կապուած է Ղարաբաղեան հիմնախնդրին
Նոյն Սարգսեան արդեօք չ՞էր մտածած, կամ չ՞էր գիտէր, որ Ղարաբաղեան խնդրի առումով իր կողմէ կատարուելիք որեւէ զիջում, պիտի համարուէր «մեծ դաւաճանութիւն» մը, որ զինք կրնար հալածել մինչեւ իր կեանքի աւարտը...։ Շատ լաւ գիտէր այդ բոլորը, ու այդ բոլորը գիտակցելով էր հաւանաբար, որ Հայաստանի երրորդ նախագահը «հեշտացուց» Նիկոլ Փաշինեանի «յեղաշրջում»ը, որ աւելի ուշ կոչուեցաւ «Թաւշեայ, ոչ բռնի յեղափոխութիւն...»։ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք, երբ փոթորկած հանրային կեանքին մէջ որոշ միաւորներ կուտակելու տողանցք մը ընթացք առաւ Սերժ Սարգսեան հեռասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին –յայտարարեց, թէ ինք պարտուած էր, ոչ թէ Նիկոլ Փաշինեանին առաջ, այլ պարտուած էր արտաքին մութ ուժերուառջեւ։
Վերադառնալով Արցախեան խնդրին, եւ վերը նշուած դիտարկումին, ըստ որուն Ղարաբաղեան հիմնահարց այսօր իսկ , կը շարունակէ իր ստուերը նետել Հայաստանի ներ-քաղաքական կեանքին վրայ, ապա այստեղ հարկ է կարկինը լայն բանալ, իրողապէս հասկնալու համար տեղի ունեցող գործընթացները։
Հայաստանի գործող Սահմանդրութեան կից՝ «Անկախութեան հռչակագրին» մէջ բացայայտ կերպով կը խօսուի Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մասին ու կը նշուի, որ Հայաստանը, որպէս պետութիւն ապահովողն ու հովանաւորն էր այդ հողամասի աւելի շեշտակի՝ հայրենիքի կտորի մը անվտանգութեան։ Հոս սակայն կայ նոյնպէս մեծ թերացում եւ մեծ մեղաւորութիւն, որ հաւասարապէս պէտք է բաժնուի Հայաստանի Հանրապետութեան իրերայաջորդ երեք նախագահներու ուսերուն։ Այդ մեղքէն չպէտք է բացառել այսօրուայ վարչապետը, որ Արցախեան կտրուածքով ալ գործեց անասելի եւ անսրբագրելի մեղքեր, որոնց վերջինը Արցախը Ատրպէյճանի մաս ընդունելու մասին եղած հրապարակային «խոստովանութիւնն» էր, որ կը կատարուէր պատերազմի աւարտէն ետք ու շատ հաւանաբար, ինչպէս շատ այլ դրոյթներ շրջանառութեան մէջ կը դրուէր նպատակ ունենալով (շատ հաւանաբար) նոր լեզուով խօսիլ Ատրպէյճանի հետ, փորձելով ապահովագրել այս իշխանութեան «երկարակեցութիւն»ը, առնուազն Պաքուի պատուհանէն։
Այս բոլորին զուգահեռ է, որ Փաշինեան մէջտեղ կը հանէր «Իրական Հայաստան» եւ «Պատմական Հայաստան» դրոյթները, որ արժանի կը դառնային տարաբնոյթ եւ յաճախ մերժողական վերաբերմունքի։
Արարատ- Արագած «լեռներու պատմութիւն»էն մինչեւ ՀայոցՊատմութիւն-Հայաստանի Պատմութիւն դրոյթը ու աւելի վերջ ալ Հայոց Ցեղասպանութեան «ընկալում»ը «վերանայելու» կամ քննելո «առաջադրանք»ը Փաշինեան բոլոր առումներով կը մշակէր ու կը ներկայացնէր այսօրուայ իրավիճակը հասկնալու ու այդ կէտէն նոր ճանապարհ մը առնելու «յարմարուողականութիւն»ը։ Խորքայինը այս է ամբողջ պատմութեան ու ասկէ անդին նոր Սահմանադրութիւն մը մշակել հասցընելու, եւ այդ Սահմանադրութիւնը հանրութեան «դատ»ին ներկայացնելու փորձը պարզապէս մանրամասնութիւններ են։
Հոս է նաեւ, որ կ՚արժէ առանց թոյն ու մախանք թափելու խորքային հայացք մը նետել այս դրոյթներուն վրայ, չմոռնալով անշուշտ, որ գրեթէ առաջին անգամն է, որ մեր ժողովուրդի մէկ մասը, ոչ միայն հիասթափուած է Փաշինեանէն, այլ թշնամացած է անոր դէմ ու այդ հատուածին համար այս բոլորը լուծելու միակ ճանապարհը վերջինիս արագ հեռացումն է իշխանութիւնէն։ Միւս կողմէ Փաշինեան հակազդելով այս բոլորին եւ ունենալով հիմնական նպատակ մը, որն է պահել իշխանութիւնը, կը փորձէ ու պիտի փորձէ ամէն ինչ ընել, որպէսզի կարողանայ ի վերջոյ ստորագրութիւն մը դրուած տեսնել Հայ-ատրպէյճանական «խաղաղութեան պայմանագիր» նկատուող որեւէ վաւերաթուղթի մը վրայ։
Այդ ընելու համար անոր կը պակսին կարեւոր «գործիքներ», որոնց հիմնականը ըստ երեւոյթին նոր Սահմանադրութիւն մը մշակելու, պատրաստելու ու նաեւ հանրութեան ներկայացնելու ու այդ հանրութեան մեծամասնութեան «Այո»ն ստանալու գերխնդիրն է։
Խաղաղութեան համար նոր ճանապարհ մը, նոր կեանք մը տուող իւրաքանչիւր թուղթ յաղթանակի մեծագոյն պսակն է, որ պիտի ապահովէ Փաշինեանին համար ու այս բոլորը հաշուի առնելով է, որ այսօր Հայաստանի մէջ հրապարակ հանուած խօսակցութիւնը տեղի կունենայ բաւական արագ եւ աճապարանքի մօտեցող մթնոլորտի մը մէջ։
Ինչ խօսք, որ այսօրուան պայմանները բաւական ուրիշ են, այն ինչ, որ էին 2015 թուականին, երբ Սերժ Սարգսեան իր «հագուստին» համեմատ ուզեց «կարել նոր Սահմանադրութիւնն մը, որուն հիմնական կէտը երկիրը նախագահական համակարգէն՝ խորհրդարանական համակարգի մը տանիլն էր։
Յայնժամ Սահմանադրութիւնը «կը կարուէր» ծածկելու համար օրուայ նախագահին «մարմնին» «տգեղ» կողմերը, իսկ այսօր «կարուող» Սահմանադրութիւնը ըստ էութեան «պիտի կարուի» Հայաստանին բարիք մը ընելու, կամ այսօրուայ Հայաստանը «փրկելու» նպատակով։
Թէ, ով է աւելի անկեղծ, տակաւին պարզ չէ, բայց յստակ է, որ իւրաքանչիւր թուղթ, իւրաքանչիւր ստորագրութիւն եւ իւրաքանչիւր Սահմանադրական միտում կամ նոյնիսկ Սահմանադրութիւնը շատ արագ կերպով անզօրութեան սահմանները կը հատէ եւ կը դառնայ «Պարապ վախտի խաղալիք», եթէ Հայաստանի հասարակութեան լայն շերտերը հրամցուածը մերժեն ու հրամցուածին մէջ տեսնեն ժողովուրդի հաւաքական շահերուն հակասող «սպիտակ բիծեր»։
Սագօ Արեան