image

Պաքուի մէջ շարունակուած է Ռուբէն Վարդանեանի դէմ շինծու դատավարութեան հերթական նիստերը

Պաքուի մէջ շարունակուած է Ռուբէն Վարդանեանի դէմ շինծու դատավարութեան հերթական նիստերը

Պաքուի մէջ կայացած է Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ կեղծ դատավարութեան հերթական նիստը։

Ինչպէս հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, մարտ 11-ի նիստին ներկաները լսած են վկաներէն մէկու ցուցմունքը։

Ռուբէն Վարդանեանը, որ փետրուար 19-էն հացադուլ սկսած է՝ այդ եղանակով իր բողոքն արտայայտելով իր նկատմամբ կայացող շինծու դատավարութեան վերաբերեալ, նոյնպէս ներկայ եղած է նիստին։