image

Երկու անչափահաս քոյրեր ինկած են  Փամբակ գետին մէջ. Որունումները կը շարունակուին

Երկու անչափահաս քոյրեր ինկած են  Փամբակ գետին մէջ. Որունումները կը շարունակուին

Այսօր՝ յունիս 16-ին, ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան յատուկ նշանակութեան փրկարարական աշխատանքներու իրականացման կեդրոնի մեծ թիւով յատուկ փրկարարներն ու ջրասուզակը, պարեկներ, ոստիկաններ, մարզպետարանի աշխատակիցները Փամբակ գետին մէջ կը շարունակեն 7 եւ 13-ամեայ քոյրերու որոնողական աշխատանքները։

Յայտնած է Shamsyan.com-ը։

Նշենք, որ նախօրէին Լոռիի մարզին մէջ կ՚որոնուէին 7 եւ 13 տարեկան հարազատ քոյրեր։ Ահազանգ ստացուած էր, որ անոնք ինկած են Փամբակ գետը։

Երեխաները բռնի տեղահանուած արցախցիներ են։ Այս մասին յայտնած է Նորութիւններ Արցախէն դիմատետրեան էջը։

Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ՝ ժամը 21։50-ի սահմաններուն մթութեան պատճառով դադրեցուած են որոնողափրկարարական աշխատանքները, որոնք պիտի վերսկսին առաւօտեան ժամը 08։00-ին։