image

Եղանակը պիտի շարունակէ տաքնալ

Եղանակը պիտի շարունակէ տաքնալ

Երեւանի մէջ յունիս 16-ի ցերեկը, 17-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։

Յունիս 18-21-ին երեկոյեան ժամերուն քաղաքի առանձին հատուածներուն մէջ հնարաւոր է կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ հնարաւոր է քամիի ուժգնացում՝ 15-18մ/վ արագութեամբ։ 

Հանրապետութեան տարածքին՝ յունիս 16-ին եւ 17-ին կէսօրէ ետք, 18-21-ի՝ գիշերը եւ առաւելապէս երեկոյեան ժամերուն առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, տեղ-տեղ հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։ Քամին`հարաւարեւմտեան`2-5 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի նաեւ քամիի ուժգնացում՝ 17-20 մ/վ արագութեամբ։

Օդի ջերմաստիճանը յունիս 16-ի ցերեկը, 17-20-ին աստիճանաբար պիտի բարձրանայ 4-6 աստիճանով։