Մեծն Բրիտանիոյ իշխանութիւնները 43 նոր կէտերով ընդլայնած են Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու ցանկը՝ սահմանափակումներ սահմանելով 32 իրաւաբանական եւ 11 ֆիզիքական անձերու նկատմամբ։ Այս մասին նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Մասնաւորաբար, սահմանափակումներու տակ յայտնուած են «Վեատիչ» դրամատունը, «Եւրոֆինանս Մոսնարպանք»-ը, «Եանտեքս Պանք»-ը, «ՎՊ Պանք»-ը, «Ռոսկոսստրախ»-ը, «Պալանս Ապահովագրութիւն»-ը, Ռուսիոյ հետ կապ ունեցող 27 նաւ, որոնց շարքին՝ 3 հեղուկ բնական կազ փոխադրող նաւ, Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան չորս ընկերութիւն, Թուրքիոյ մէկ ընկերութիւն, Թայլանտի երեք ընկերութիւն եւ Նիճերիոյ մէկ ընկերութիւն։
Պատժամիջոցներու սահմանման հիմք նշուած է «Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան գործունէութենէն օգուտ ստանալը կամ անոր աջակցութիւն ցուցաբերելը՝ Ռուսիոյ կառավարութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ոլորտի մէջ, մասնաւորաբար ռուսական ֆինանսական ծառայութիւններու բնագաւառին մէջ գործունէութիւն ծաւալելու միջոցով»։
Բացի ատկէ, սահմանափակումները տարածուած են նաեւ, մասնաւորաբար, ինը անձերու վրայ, որոնց Լոնտոնը կը համարէ Ռուսիոյ զինուած ուժերու Ընդհանուր շտապի գլխաւոր հետախուզական վարչութեան աշխատակիցներ։
Մեծ Բրիտանիոյ մէջ նշեալ ընկերութիւններուն պատկանող բոլոր հնարաւոր հաշիւները ենթակայ են սառեցման։