image

«Ինքնութեան արահետ» ֆիլմի միջազգային ցուցադրութիւնները կը շարունակուին. հերթական կայանը՝ Եթովպիա

«Ինքնութեան արահետ» ֆիլմի միջազգային ցուցադրութիւնները կը շարունակուին. հերթական կայանը՝ Եթովպիա

ԱՏԻՍ ԱՊԵՊԱ.– Իսթանպուլի մէջ 2025 թուականի հոկտեմբերին սկսած յաջող ցուցադրութիւններու շարքէն եւ նոյն տարուան նոյեմբերին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած արտասահմանեան անդրանիկ ցուցադրութենէն ետք, «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը (հեղինակ՝ հայրենի վաւերագրող Տիգրան Պասկեւիչեան) կը շարունակէ իր միջազգային շրջագայութիւնը՝ հասնելով մինչեւ Ափրիկէ: Եթովպիայի մէջ տեղի ունեցած այս ֆիլմի ցուցադրութեան եւ ձեռնարկին մասին կը տեղեկանանք Եթովպիայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան տարածած տեղեկատուութենէն։ 

Հերթական կարեւոր ձեռնարկը առիթ դարձաւ վերստին արժեւորելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնն ու անոր տարածումը աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ:

Այս ցուցադրութեան շրջագծով, Եթովպիայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սահակ Սարգսեան ընդունած է Իսթանպուլի  «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեանը եւ Էսայեան վարժարանի կառավարիչ Լենա Ենիյորգանը։  Յատկանշական է, որ թերթի ղեկավարութիւնը իր անմիջական ու գործօն մասնակցութիւնը բերած է այս կարեւոր ֆիլմի մտայղացման, նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ նկարահանման ամբողջական գործընթացին:

Պատմականօրէն, Եթովպիան ունեցած է մեծ եւ ազդեցիկ հայկական համայնք մը, որ հսկայական ներդրում բերած է երկրին զարգացման ու բարգաւաճման գործին մէջ։ Այսօր, հակառակ որ համայնքի անդամներուն թիւը նուազած է, հայկական ներկայութիւնը կը շարունակէ մնալ տոկուն եւ կենսունակ։ Այս կենսունակութիւնը վերստին կը փայլի ի շնորհիւ նմանօրինակ մշակութային ձեռնարկներուն եւ, յատկապէս, դեսպան Սահակ Սարգսեանի հետեւողական ու նուիրեալ ջանքերուն, որոնք նոր շունչ ու աւիւն կը հաղորդեն տեղւոյն հայ կեանքին:

Երկար տարիներու մանրակրկիտ աշխատանքով հիւսուած այս ժապաւէնը իսկական ճամբորդութիւն մըն է դարերու խորքերուն մէջ։  

Ֆիլմի հեղինակ Տիգրան Պասկեւիչեան, պատմաբաններու, հոգեւորականներու, իրաւաբաններու եւ այլ մասնագէտներու ներգրաւմամբ, կը պատմէ 1461 թուականին հիմնադրուած Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութիւնը՝ հիմնադրումէն մինչեւ մեր օրերը։ Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած են պատրիարքարանի պատմութեան կարեւորագոյն ու առանցքային շրջանները՝ հասնելով մինչեւ մեր օրերը եւ բարձրաձայնելով պատրիարքութեան այսօրուան մէկ խնդիրը, որն է՝ Թուրքիոյ մէջ իրաւական կարգավիճակի բացակայութիւնը։