image

Հայաստանի պարագային միակողմանի շահ ստանալու միտումը հանդուրժելի չէ. Զախարովա

Հայաստանի պարագային միակողմանի շահ ստանալու միտումը հանդուրժելի չէ. Զախարովա

Ռուսիան պիտի չհանդուրժէ Հայաստանի իշխանութիւններու՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան նկատմամբ միակողմանի շահ ստանալու դիրքորոշումը։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

Ճեպազրոյցի ընթացքին ան նշած է, որ Հայաստանի իշխանութիւններն արդէն փորձած են քաղաքացիները համոզել, թէ երկիրը կրնայ ստանալ եւրասիական համարկումէն բխող բոլոր օգուտները եւ միաժամանակ պատրաստուիլ Եւրոպական Միութեան անդամակցելուն։

«Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը կը փորձէ իր քաղաքացիները համոզել, որ իբրեւ թէ տակաւին անհրաժեշտ չէ որեւէ ընտրութիւն կատարել ԵՄ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ. այժմ հարցը արդէն այսպէս կը դրուի։ Իբր կարելի է ստանալ եւրասիական համարկման բոլոր առաւելութիւնները եւ զուգահեռաբար պատրաստուիլ այլ տնտեսական դաշինքի անդամակցութեան դիմում ներկայացնելուն։ Ո՛չ, կարելի չէ։ Մենք մտադիր չենք հանդուրժել ԵԱՏՄ միաւորման նկատմամբ նման միակողմանի շահ ստանալու դիրքորոշումը»,– շեշտած է դիւանագէտը։