Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ տարածքին կան փակ ճանապարհներ։
Փակ են Արագածոտնի մարզի մէջ «Ամբերդ» բարձր լեռնային օդերեւութաբանական կայանէն դէպի Ամբերդ ամրոց եւ Քարի լիճ տանող ճանապարհները։
Վարդենեաց լեռնանցքին մէջ, Սարաւան-«Զանգեր» կոչուող հատուածին մէջ, Դիլիջանի ոլորաններուն, Արմաւիրի, Արագածոտնի, Արարատի մարզերուն մէջ, Արագածոտնի մարզերու նախալեռնային հատուածներուն մէջ, Սիւնիքի մարզի բարձրադիր գօտիներուն վրայ, Ջերմուկ քաղաքի ճանապարհին, Եղեգնաձոր քաղաքին մէջ, Արենի գիւղին եւ Մալիշկա-Չիվա ճանապարհին մառախուղ է:
Գորիս, Քաջարան, Կապան, Սեւան, Ճամբարակ, Գաւառ քաղաքներուն եւ «Մեղրիի սար» կոչուող հատուածին մէջ կը տեղայ ձիւն:
Գորիս-Սիսիան ճանապարհին տեղ-տեղ առկայ է մերկասառոյց։