image

Վարդենեաց լեռնանցքի, Սեւանի եւ Վայքի տարածաշրջաններուն մէջ ձիւն կը տեղայ

Վարդենեաց լեռնանցքի, Սեւանի եւ Վայքի տարածաշրջաններուն մէջ ձիւն կը տեղայ

Դեկտեմբեր 13-ին՝ ժամը 10:05-ի դրութեամբ, Վարդենեաց լեռնանցքի, Սեւանի եւ Վայքի տարածաշրջաններուն մէջ ձիւն կը տեղայ։ Այդ մասին յայտնած է «Ճանապարհային բաժանմունք» հիմնադրամը:

Աբովեանի, Հրազդանի, Էջմիածնի, Արմաւիրի, Արթիկի տարածաշրջաններու ճանապարհներուն մառախուղ է, տեսանելիութիւնը՝ 50-100 մեթր։

Միջպետական եւ հանրապետական նշանակութեան բոլոր ճանապարհները բաց են:

Ճանապարհաշինարարները ճանապարհներուն կը կատարեն մաքրման եւ աղ-աւազով մշակման աշխատանքներ:

«Յարգելի՛ վարորդներ, յորդորում ենք լինել ուշադիր, խստագոյնս պահպանել ճանապարհային երթեւեկութեան կանոնները եւ երթեւեկել բացառապէս ձմեռային անուադողերով»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: