image

«19 Յուլիսէն ի վեր Գրիգորին հետ մեր կապը կտրուած է». Գրիգոր Աշնաքալեանի մայրը՝ Տիկին Ռանիա, խօսեցաւ Arevelk.am-ին

 «19 Յուլիսէն ի վեր Գրիգորին հետ մեր կապը կտրուած է». Գրիգոր Աշնաքալեանի մայրը՝ Տիկին Ռանիա, խօսեցաւ Arevelk.am-ին

«Որդիս՝ Գրիգորը, ճարտար բժիշկ էր եւ մասնագիտական կրթութիւն ստանալու համար մեկնեցաւ Գերմանիա։ Ան մշտապէս կապի մէջ էր մեզի հետ եւ կը վարէր բնականոն կեանք մը։ Գրիգոր ոչ մէկ առթիւ մեզի պատմած է արտակարգ դէպքերու կամ երեւոյթներու մասին ու գիտէինք բոլորս, որ ան բժշկական պաշտօն մը ստանձնելու նպատակով դիմումներ գրած է գերմանական բազում հիւանդանոցներու։ 19 Յուլիսէն ի վեր Գրիգորին հետ կապ հաստատելու մեր բոլոր փորձերը ձախողեցան, ու մինչեւ այս պահը լուր մը չունինք անոր ճակատագրին վերաբերեալ։

 

Անցնող օրերուն մասնաւորապէս սուրիահայ մեր հայրենակիցներու ուշադրութեան կեդրոն կը շարունակէ մնալ երիտասարդ Գրիգոր Աշնաքալեանի՝ խորհրդաւոր պայմաններու տակ կորսուած ըլլալու հանգամանքը։

26-ամեայ Գրիգոր, որ մեծ ճիգեր գործադրելով հասած էր Գերմանիա, կայք հաստատած էր Լայփցիկ քաղաքին մէջ, 9 օրէ ի վեր ան կը շարունակէ մնալ անյետացած։ Բազում հարթակներ գրեցին Գրիգորի մասին՝ համայնքային շրջանակներու ուշադրութիւնը հրաւիրելով եղածին ու միաժամանակ յայտնելով, որ Լայփցիկ քաղաքի իրաւապահ մարմինները կը շարունակեն մօտէն հետեւիլ եւ որոնումներ կատարել՝ գտնելու համար բժշկութեան ուսանող հալէպահայ երիտասարդը։

Ընդհանուր իրավիճակին մասին աւելի յստակ պատկերացում ունենալու համար օրերս «Արեւելք» դիմեց Գրիգորի մայրիկին՝ Ռանիա Աշնաքալեանին, որ ընդառաջեց մեր դիմումին։

Տիկին Ռանիան նշեց, որ իր որդին՝ Գրիգոր Յակոբ Աշնաքալեան, յաջողակ ուսանող ըլլալով հասած էր Գերմանիա եւ հաստատուած Լայփցիկ քաղաքին մէջ։ Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Որդիս՝ Գրիգորը ճարտար բժիշկ էր եւ մասնագիտական կրթութիւն ստանալու համար մեկնեցաւ Գերմանիա։ Ան մշտապէս կապի մէջ էր մեզի հետ եւ կը վարէր բնականոն կեանք մը։ Գրիգոր ոչ մէկ առթիւ մեզի պատմած է արտակարգ դէպքերու կամ երեւոյթներու մասին ու գիտէինք բոլորս, որ ան բժշկական պաշտօն մը ստանձնելու նպատակով դիմումներ գրած է գերմանական բազում հիւանդանոցներու։ 19 Յուլիսէն ի վեր Գրիգորի հետ կապ հաստատելու մեր բոլոր փորձերը ձախողեցան ու մինչեւ այս պահը լուր մը չունինք անոր ճակատագրին վերաբերեալ։ Հարկ է նշեմ, որ անոր կորսուած օրը Ուրբաթ օր էր, եւ այդ օր նոյնպէս ան խօսած էր մեզի հետ։ Այստեղ առիթը օգտագործելով կը դիմեմ ձեր հարթակի հետեւորդներուն ու կը խնդրեմ, որ մեզի հետ կապ հաստատեն, եթէ որեւէ լուր ունենան Գրիգորի մասին։ Իմ զաւակս յաջողակ բժիշկ է, ու մինչեւ այս պահը ոչ մէկ խնդիր ունեցած է Գերմանիոյ մէջ»։

Մեր հետեւորդներուն կը յորդորենք հնարաւորինս տարածել այս նիւթը եւ տեղեկութիւններ ունենալու պարագային կապ հաստատել Ուաթց Ափի հետեւեալ թիւին՝ 00963938223990