image

Պատերազմներու հետքերն ու զոհերը

Պատերազմներու հետքերն ու զոհերը

Մարդը մէկ մասն է աշխարհին, ուր կ՚ապրի եւ կապուած է անոր: Աշխարհի վրայ տեղի ունեցող իւրաքանչիւր իրադարձութիւն բնականաբար կ՚ազդէ անոր վրայ։ Որպէս ընկերային էակ՝ մարդը զանազան ձեւերով արտացոլած է իր անհատական կամ հաւաքական բոլոր զգացումները կամ ծրագիրները։ Օրինակ՝ նկարիչներու ստեղծագործութիւններու մէջ կը տեսնենք մարդու ճանապարհորդութիւնը անցեալին, ներկային կամ նոյնիսկ ապագային։ Նկարիչներու ստեղծագործութիւններուն մէջ տեսանելի են նաեւ մարդու ամենադաժան երեսակները, որոնցմէ ամենավտանգաւորը եւ ամենէն աղէտաբերը պատերազմներն են:

Նոյնիսկ վաղ ժամանակաշրջաններուն մարդ արարածը կարիքը զգացած է պայքարելու նախ այլ կենդանի էակներու, իսկ յետոյ՝ ցեղակիցներու դէմ, իրենց տեսակի գոյութեան համար։ Մարդկութեան պատմութեան սկիզբին մաքառումի այս անհրաժեշտութիւնը կարելի է ըմբռնել որպէս մարդու գոյատեւելու բնազդը։ Բայց պատերազմները միշտ չեն յառաջացած գոյատեւելու բնազդէն: Անձնական վրէժխնդրութիւնները պատճառ եղած են զանգուածային աղէտներու պատճառ (եւ տակաւին կը շարունակեն): Գահակալական կռիւները, տոհմերու հակամարտութիւնները յառաջացուցած են մեծ պատերազմներ, կեանքերը դադրեցուած են՝ իբր թէ անվտանգութիւն ձեռք բերելու նպատակով։ Բռնութիւնը կառավարութիւններու համար եղած է առնուած քայլերու օրինականացման գործիքը: Անկասկած, պատերազմէն ամենատուժածները անմեղ, խաղաղ ժողովուրդն է, որ տեղեակ չէ պատերազմի իսկական պատճառներուն։

Պատերազմները նոյնիսկ ներկայ դարուն կը շարունակեն գլխաւոր օրակարգ հանդիսանալ եւ կը խլեն ընտանիքներու անդամներ, սիրելիներ, յիշողութիւններ, կ՚աւերեն կոթողային շէնքեր, փողոցներ, պողոտաներ, քաղաքներ․․․ Պատերազմներէն յետոյ ծուխի ու արեան հոտի մէջ մարդիկ կ՚ողբան այն բոլոր կորուստներու համար, որոնց հետքերը անկարելի է խլել մարդոց յիշողութենէն։

Պատերազմը համաշխարհային նշանակութեամբ իրադարձութիւն մըն է, որ ո՛չ միայն կ՚ազդէ մարդոց կամ տնտեսութիւններու վրայ, այլեւ ունի հեռահար հետեւանքներ՝ ներառեալ ընտանեկան կառուցուածքը: Պատերազմի սարսափները աննկարագրելի հետքեր կը թողուն անոր ենթարկուածներու՝ մանաւանդ անոր ամենախոցելի զոհերը հանդիսացող երեխաներու վրայ։

Ներկայիս միլիոնաւոր երեխայ ուղղակի կամ անուղղակիօրէն կը դառնայ պատերազմի կամ ահաբեկչութեան զոհը: Քաղաքական կամ ներքին հակամարտութիւնները եւ պետութիւններու միջեւ ահաբեկչութիւնը մանաւանդ երեխաներու մահուան, վիրաւորման կամ հաշմանդամութեան պատճառ կը դառնան: Այս իրավիճակներու մէջ բազում երեխաներ կը կորսնցնեն իրենց ծնողները, հարազատները, ընկերները, կ՚ենթարկուին ֆիզիքական, հոգեբանական կամ սեռական բռնութեան, նաեւ կը զրկուին իրենց կրթութեան իրաւունքէն եւ ընկերային աջակցութեան այլ կառոյցներէն:

Իւրաքանչիւր արիւնալի յարձակման ժամանակ հեռատեսիլի, ընկերային ցանցերու վրայ կը տեսնենք մարդոց անհանգստացած, զարհուրած աչքերը։ Այնուամենայնիւ, երեխաները պատերազմի ամենաանմեղներն են։ Անոնք կը վճարեն ամենաբարձր գինը։ Անտեղեակ են, թէ ի՛նչ կը կատարուի իրենց շուրջ։ Անոնք կը կրեն պատերազմի ցաւերը, որոնք կը թափանցեն մինչեւ անոնց ոսկորները եւ զանոնք կը զգան իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, իրենք զիրենք վէրքերու մէջ։

Պատերազմները խիստ ողբերգական իրավիճակներ են, սարսափ կը պատճառեն եւ կը վնասեն աշխարհի բոլոր բնակիչներու առողջութիւնը: Երեխաները կը հասկնան թէժ ընթացքը իրենց ծնողներու անհանգիստ դէմքի արտայայտութիւններէն, խուճապային պահուածքէն, լացէն ու բղաւելէն եւ այդ պահուն կը սկսին անհանգստանալ։ Այնուամենայնիւ, յանկարծակի եւ անսպասելի ռմբակոծութիւնները, մահը, վնասուածքէն ու վախէն փախչող մարդիկ կը նոնք սրբագրել երբեք հնարաւոր չ՚ըլլար։

Պատերազմի ազդեցութիւնը երեխաներու վրայ չի սահմանափակուիր անոնց ֆիզիքական կամ հոգեկան առողջութեամբ: Տեղահանութիւնը, կրթութեան իրաւունքի կորուստը, նոյնիսկ սահմանափակ կենսական անհրաժեշտութեան միջոցները կ՚ազդեն անոնց, նաեւ ամբողջ մարդկութեան ապագային: Անկայուն միջավայրի ներքեւ երեխաներէն կը խլուի իրենց մանկութիւնը, նաեւ ապագայի նկատմամբ անոնց յոյսերը…

 

Պիանքա Սարեասլան
«Ժամանակ»/Պոլիս