image

Ինչպէս ձախողեցան ամերիկեան ԱԹՍ-ները Ուքրանիոյ մէջ. Wall Street Journal-ի անդրադարձը

Ինչպէս ձախողեցան ամերիկեան ԱԹՍ-ները Ուքրանիոյ մէջ. Wall Street Journal-ի անդրադարձը

Ամերիկեան Wall Street Journal-ը մէջբերած է ուքրանացի պաշտօնեաներու խօսքերն այն մասին, որ Ուքրանիոյ մէջ օգտագործուող ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքերը թանկ են, թերի եւ դժուար կը վերանորոգուին։

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին»

Ամերիկեան Wall Street Journal-ը նշած է, որ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքերը, որոնք արտադրուած են ամերիկեան «սթարթափ» ընկերութիւններու կողմէ եւ կ՚օգտագործուին Ուքրանիոյ մէջ, մարտական ​​գործողութիւններու մէջ ձախողած են:

Պարբերականը գրած է, որ ամերիկեան անօդաչու սարքերը լաւ չեն աշխատիր, քանի որ չեն կրնար յաղթահարել ռուսական ելեկտրոնային միջամտութիւնը։

Սա վատ է եւ հիասթափեցնող ամերիկեան ընկերութիւններուն համար, որոնք կ՚արտադրեն այս ԱԹՍ-ները, քանի որ ամերիկեան ընկերութիւնները յոյս ունէին, որ այդ ԱԹՍ-ներու փորձարկումը Ուքրանիոյ մէջ կրնայ մեծցնել վաճառքը։ եւ այդ վատ նորութիւն է նաեւ Փենթակոնի համար, որ հազարաւոր փոքր ԱԹՍ-ներու յուսալի մատակարարման կարիք ունի։

Skydio անօդաչու թռչող սարքերու ընկերութեան ղեկավարները, առաջնագիծին գտնուող ուքրանացիները, Ուքրանիոյ կառավարութեան պաշտօնեաները եւ ԱՄՆ պաշտպանութեան նախկին պաշտօնեաները կ՚ըսեն, որ ամերիկեան արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքերը սովորաբար «թանկ են, թերի եւ՝ դժուար վերանորոգուող»:

 

Բարդը ռուսական «միջամտութեան» դէմ դնելն է...

 Աղբիւրը յղում ընելով Skydio-ի՝ անօդաչու թռչող սարքերու մշակման ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ատամ Պրէյին, նկատել տուած է, որ «Ուքրանիոյ մէջ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքերու իւրաքանչիւր դասի ընդհանուր համբաւն այն է, որ անոնք չեն աշխատիր միւս համակարգերու նման», նկարագրելով իր ԱԹՍ-ները որպէս «ոչ այնքան յաջող «գործիք» առաջին գիծին համար»:

Ուքրանացի պաշտօնեաները պարզած են, որ ամերիկեան արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքերը «փխրուն են եւ ի վիճակի չեն յաղթահարել ռուսական միջամտութիւնը եւ համաշխարհային դիրքորոշման համակարգի (GPS) խաւարման (մթեցման) արհեստագիտութիւնը. երբեմն անոնք չեն կրցած թռչիլ, կատարել առաքելութիւններ կամ վերադառնալ», աւելցնելով, որ «ամերիկան ԱԹՍ-ները յաճախ չեն կրնար թռչիլ յայտարարուած հեռաւորութիւնները կամ կրել մեծ բեռներ»։

Իր կարգին ուքրանական Come Back Alive (կազմակերպութիւն, որ ուքրանական բանակին մատակարարած է աւելի քան 30,000 անօդաչու թռչող սարքեր) հիմնադրամի աւագ վերլուծաբան Նիքոլա Պելիսքովը ըսած է, որ ամերիկեան փոքր ԱԹՍ-ները մարտադաշտին մէջ «դեռ չեն զարգացած»:

Ուքրանական ուժերը ամսական «կ՚այրեն» մօտ 10000 անօդաչու թռչող սարք, բան մը, որ անոնք չեն կրնար ընել, եթէ ստիպուած ըլլան գնել ամերիկեան թանկարժէք ԱԹՍ-ներ։ Արեւմտեան երկիրներու կողմէ լուծումներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ Ուքրանիան դիմած է աւելի աժան չինական արտադրանքի՝ անօդաչու սարքերու իր զինանոցը համալրելու համար։

Աւելի վաղ ՆԱԹՕ-ի պաշտօնեաները խոստովանած էին, որ Ուքրանիան կը տուժէ ռուսական անօդաչու թռչող սարքերէն, քանի որ ատոնք «փոքր են եւ արագ» եւ դժուար է անոնց դիմակայել: