Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փիսթորիուսը յայտարարած է, որ Գերմանիան Ուքրանիոյ դաշնակիցը չէ, հետեւաբար որեւէ դաշինքի մաս չէ:
«Միաժամանակ, Գերմանիան կը շարունակէ ռազմական օգնութիւն տրամադրել իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ»,-ըսած է պաշտպանութեան նախարարը։ Ան խոստովանած է, որ Ուքրանիա զէնքի մատակարարումները կ՚ուշանան, բայց հաւաստիացուցած է, որ հզօրութիւնները կ՚աւելցուին որքան հնարաւոր է շուտ։
«Պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը չի կրնար ապահովել մատակարարումները որոշակի ոլորտներու մէջ այնքան արագ, որքան անհրաժեշտ է»,-ըսած է Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարը։ Ըստ անոր՝ այդ ոլորտներէն են զինամթերքը եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը։
Փիսթորիուսը աւելցուցած է, որ Պերլինը կ՚ընէ ամէն հնարաւորը իր ուժերու ներածին չափով: Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարը շեշտած է, որ նոյնը կը վերաբերի գրեթէ բոլոր միւս դաշնակիցներուն ու գործընկերներուն: