image

Ֆրանսա. Մահացած է Կրընոպլի նուիրեալ գործիչ՝ Ալպեր Գալաճեան

Ֆրանսա.  Մահացած է Կրընոպլի նուիրեալ գործիչ՝ Ալպեր Գալաճեան

Կրընոպլի եւ Տոֆինէի Հայ մշակոյթի տունը կը տեղեկացնէ.

«Խոր ցաւով իմացանք Կրընոպլի եւ Տոֆինէի Հայ մշակոյթի տան հիմնադիրներէն Ալպեր Գալաճեանի մահը։ 

Ալպեր Գալաճեան երեք անգամ ստանձնած է Կրընոպլի հայոց ակումբի նախագահութիւնը, իսկ Կրընոպլի եւ Տոֆինէի Հայ մշակոյթի տան նախագահութիւնը՝ 1991-1993-ին եւ 2004-2005-ին։ 

Ան իր բոլոր ջանքերը ներդրած է ի խնդիր հայ մշակոյթի պահպանութեան եւ Հայաստանի ի նպաստ գործունէութեանց։ Անոր անսակարկ յանձնառութիւնը յաւերժ դրոշմուած պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ։

Մեր անկեղծ ցաւակցութիւնները՝ ընտանիքին եւ հարազատներուն»։ 

Լուսանկարին մէջ՝ Ալպեր Գալաճեան եւ Ժան Մարանճեան՝ 1981-ին, Կրընոպլի հայոց ակումբի ընտրութիւններուն

 

Լուրը՝ «Նոր Յառաջ»էն