Եթէ Միացեալ Նահանգները կրճատէ Ուքրանիոյ տրամադրուող օգնութիւնը, երկիրը պիտի պարտուի Ռուսիոյ դէմ պատերազմին. այս մասին Fox News-ին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին:
«Ի հարկէ, մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ, բայց այդ բաւարար պիտի չըլլայ յաղթելու համար: Մենք ունինք (զէնքի) արտադրութիւն, բայց այդ բաւարար չէ յաղթելու համար։ Եւ ես կը կարծեմ, որ այդ բաւարար չէ գոյատեւելու համար: Ամէն պարագայի մենք պիտի մնանք ու պիտի պայքարինք», -ըսած է ան:
Զելենսքիի խօսքով` «այսօր Փութինէն շատ բան կախեալ է, եւ ան կրնայ ցանկալ աւարտել պատերազմը»:
Ուքրանիոյ նախագահն ընդգծած է, որ «Միացեալ Նահանգները, Միացեալ Նահանգներու նախագահը շատ աւելի հզօր են, քան Ռուսիոյ նախագահը»:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահն ունի իշխանութիւն, հզօրութիւն, զէնք եւ փող. Փութինը Թրամփէն թոյլ է», -ըսած է ան: