Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին ստորագրած է Ուքրանիոյ մէջ ռազմական դրութիւնը եւ ընդհանուր զօրահաւաքը մինչեւ 2025 թուականի օգոստոս 6-ը երկարաձգելու մասին օրէնքը։ Այս մասին հաղորդած են ուքրանական լրատուամիջոցները:
Ապրիլ 16-ին խորհրդարանը հերթական անգամ երկարաձգած է ռազմական դրութեան եւ ընդհանուր զօրահաւաքի գործողութիւնը 90 օրով՝ մինչեւ օգոստոս 6-ը: Սա արդէն 15-րդ անգամն է, որ Ռատան կ՚երկարաձգէ զօրահաւաքն ու ռազմական դրութիւնը երկրին մէջ։