image

Հռոմի Պապ ընտրուած է ամերիկացի Կարտինալ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեւոսթը. ԱՆ վերակոչուած է Լեւոն ԺԴ անունով

Հռոմի Պապ ընտրուած է ամերիկացի Կարտինալ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեւոսթը. ԱՆ վերակոչուած է Լեւոն ԺԴ անունով

Պաշտօնապէս ընտրուած է Հռոմի 267-րդ Քահանայապետը՝ Կարտինալ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեւոսթը։ Ան պատմութեան մէջ առաջին ամերիկացի պապն է: Ան ընտրած է Լեւոն (Լէօ) 14-րդ պապական անունը։

Վատիկանի մէջ Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն աւանդական «Annuntio vobis gaudium magnum: habemus Papam!» («Ձեզի կ՚աւետում մեծ ուրախութիւն, Քահանայապետ ունինք») խօսքով լուրը փոխանցած է նախասարկաւագ կարտինալ Տոմինիք Մամպերթին։

Նոր պապն ընտրած է Լեւոն ԺԴ. անունը։

69-ամեայ Կարտինալ Փրեւոսթն ամերիկացի է։ Ան երկար տարիներ ծառայած է տարբեր մայրցամաքներու մէջ, այժմ դարձած է աշխարհի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նոր ղեկավարը՝ փոխարինելով հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս պապին։ Սա կարեւոր շրջադարձային պահ է ինչպէս Վատիկանի, այնպէս ալ համաշխարհային հաւատացեալ համայնքի համար։