image

«Գուցէ առաջիկայում լաւ նորութիւններ լինեն խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման». Արտաքին գործոց նախարար

«Գուցէ առաջիկայում լաւ նորութիւններ լինեն խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման». Արտաքին գործոց նախարար

Հայաստանը կը շարունակէ պատրաստակամութիւնը խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ուղղութեամբ, սակայն Ատրպէյճանի կողմէ հնչող յայտարարութիւնները դեռ չեն յանգեցուցած առաջընթացի։ Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցին յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը՝ մեկնաբանելով բանակցութիւններու ընթացքը։

Միրզոյեանը նշած է, որ կողմերու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի բնագիրը համաձայնեցուած է, եւ Հայաստանը պատրաստ է ստորագրելու փաստաթուղթը։

«Մենք ինչպէս պատրաստ էինք վայրկեան առաջ սկսել այդ ուղղութեամբ խորհրդակցութիւնները, այդպէս էլ այժմ պատրաստ ենք։ Ի հարկէ, ցաւօք սրտի, տարբեր յայտարարութիւններ ենք լսում ադրբեջանական կողմից։ Առայժմ առաջընթաց չկայ, բայց խոսակցութիւն կայ։ Ինչպէս ցանկացած բանակցութեան դէպքում, համբերութեամբ զինուենք եւ գուցէ առաջիկայում լաւ նորութիւններ լինեն խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման»,– նշած է նախարարը։