image

Ռուսիան կը շարունակէ Հայաստանը դիտարկել որպէս դաշնակից․ Քոփիրքին

Ռուսիան կը շարունակէ Հայաստանը դիտարկել որպէս դաշնակից․ Քոփիրքին

Ռուսիան կը շարունակէ Հայաստանը դիտարկել որպէս եղբայրական երկիր ու դաշնակից, որու հետ սերտօրէն կը համագործակցի, պատրաստ է առաջիկային ալ կառուցել եւ խորացնել յարաբերութիւնները, այդ շարքին՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) ընդհանուր համարկման գործընթացի պարունակին մէջ։ Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը։

Դեսպանը շեշտած է՝ Ռուսիոյ այս դիրքորոշումը լաւ յայտնի է, եւ այդ մասին բազմիցս յայտարարուած է տարբեր մակարդակներով։

Ինչ կը վերաբերի լրագրողի այն հարցին, թէ արդեօք վերջին տարիներու իրադարձութիւնները չե՞ն փճացուցած երկու երկիրներու յարաբերութիւնները, դեսպանը նկատած է՝ պէտք է իրականութեան աչքերուն նայիլ եւ յարաբերութիւններն ալ յարմարեցնել այդ իրականութեան մէջ։

«Կարեւորն այն է, որ երկու կողմէն ալ ըլլայ քաղաքական կամք, ցանկութիւն պահպանելու այն ամուր, խոր հիմքերը, որոնք կան եւ առաջ ընթանալ՝ երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան, հետաքրքրութիւններու նկատմամբ փոխադարձ յարգանքով»,-ըսած է դեսպանը։