image

Հայաստանը գոյութենական եւ պահանջատիրութեան խաչմերուկներուն. Գէորգ Հալէպլեան

Հայաստանը գոյութենական եւ պահանջատիրութեան խաչմերուկներուն. Գէորգ Հալէպլեան

                   Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հայկական Հարցը մարտավարական նկատառումներով չդարձնելով արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ, այնուամենայնիւ, հսկայական աշխատանք պէտք էր տանէր այդ հիմնահարցի տեղեկատուական եւ քարոզչական մեքենան միջազգային եւ ազգային-քաղաքական բարձր մակարդակով իրականացնելու համար։ Պէտք է ստեղծուէր ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳԻՏԱԿԱՆ-ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԿԱՃԱՌ, որու նպատակը պէտք է ըլլար՝ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԻ ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ։ Այս կաճառը պէտք էր մշակէր Հայկական Հարցի քարոզչութեան մեթոտներն ու ձեւերը, նաեւ, այս կաճառին մէջ պէտք էր ընդգրկուէին հայ եւ այլ ազգի արհեստավարժ մասնագէտներ։ Պէտք էր հրաւիրել Համաշխարհային Հայկական Համագումար, որ իր վրայ պէտք է վերցնէր Հայկական Հարցի ուղղութեամբ տարուող բոլոր աշխատանքներու կազմակերպումը, համակարգումը եւ ֆինանսաւորումը։ Այս համագումարի աշխատանքներուն իրենց գործուն մասնակցութեամբ պէտք հանդէս գային նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնները։ 

 

 

 Հայոց ազգային գաղափարախօսութեան առանցքային հիմնադրոյթներէն է ՝ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ստեղծումը, ամրապնդումը եւ հզօրացումը ՝ որպէս Անկախ Հայաստանի իրականացման նախապայման, որպէս հայ ժողովուրդի գոյապահպանման եւ զարգացման երաշխիք։ Հայ ժողովուրդը թեւակոխած էր Մեծ Երազի իրականացման առաջին փուլը ՝  1991-ին հռչակած էր Հայաստանի վերանկախացումը։

         Հայաստանի Հանրապետութիւնը թէ՚  ներքին եւ թէ՚ արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառներուն մէջ պէտք էր ղեկավարուէր ազգային գաղափարախօսութեան հիմնադրոյթներով։ Ազգը եւ ազգային պետութիւնը կրնան գոյատեւել միայն այն պարագային եթէ անոնք կը ղեկավարուին ազգային գաղափարախօսութեամբ։

          Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք էր ունենար ազգային գաղափարախօսութենէն բխող ռազմավարական եւ մարտավարական ծրագիրներ ՝ Ազգային Ծրագիր կամ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳ։ Եթէ մարտավարական ծրագիրը ենթարկուի ինչ որ գործնապաշտ (pragmatic) գործընթացներու եւ լրամշակուի իրադարձութիւններու զարգացման եւ փոփոխութիւններուն համընթաց, եւ ունենայ փոխզիջումներու տարբերակներ մարտավարական հարցերու հետ կապուած, ապա ռազմավարական ծրագիրը՝ ԱՆԿԱԽ  ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ  փոփոխութեան ենթակայ չէ։

          Հայոց պետականութիւնը պէտք էր ունենար ազգային հզօր տնտեսութիւն ՝ պայմանաւորուած Հայաստանի աշխարհաքաղաքական անկանխատեսելի իրավիճակներով եւ պատմական խնդիրներով։ Ի տես Հայաստանի այս պայմաններուն, յատուկ նշանակութիւն պէտք էր ստանար խորունկ եւ բազմակողմանի մշակուած ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԻ մշակումը ՝ որու առանցքային հիմնադրոյթները պիտի ըլլային  հզօր ազգային բանակը եւ արդիական ռազմական արդիւնաբերութիւնը։ Ազգային բանակի հաղթական ոգին պէտք էր կոփուէր կրթական համակարգին մէջ։ Այդ պատճառով, կրթական համակարգը իր բովանդակութեամբ պէտք է ըլլար ԱԶԳԱՅԻՆ եւ ռազմահայրենասիրական, կրթութիւնը պէտք էր առանցքային տեղ գրաւէր պետական կրթական համակարգին մէջ։

           Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք էր ուղղորդուէր երկրի աշխարհաքաղաքական եւ պատմական գործոնները հաշուի առնելով։ Պատմութեան ներկայ փուլին մէջ կարեւորագոյն նշանակութիւն կ՚ ըստանայ այն հարցը, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ ինչպիսի՞ տեղ եւ դեր պէտք է յատկացուէր Հայոց Դատին, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Սփիւռքի հիմնախնդիրներուն։

          Ա) Հայկական Հարցը Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան մէջ։

          Նկատի առնելով չափազանց բարդ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը եւ աննպաստ պայմանները, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս Հայկական Հարցը պէտք էր հռչակէր հայոց ազգային գաղափարախօսութեան ռազմավարական ծրագիրի հիմնախնդիր, չմտցնելով այն մարտավարական ծրագիրի մէջ, չդարձնելով այն պետութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ։ Պէտք է շարունակուէր անզիջում պայքարը Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման, միաժամանակ բարձրացնելով Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Նախիջեւանի եւ Շարուրի հարցերը։ Միջազգայնօրէն պէտք էր պահանջել եւ հետապնդել 1921 թուականի Մարտի 16-ի ռուս-թուրքական տխրահռչակ պայմանագիրի վերանայումը կամ չեղարկումը ՝ Նախիջեւանին վերաբերող յօդուածը եւ նոյն թուականի Հոկտեմբեր 13-ի Կարսի պայմանագիրը։

           Անհրաժեշտ էր նաեւ լայն քարոզչութիւն ծաւալել Ատրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած հայոց ցեղասպանութեան միջազգային հանրութեան ծանօթացնելու ուղղութեամբ, որ աշխարհին ներկայացուած է խեղաթիւրուած ձեւով, որպէս « Խոճալուի ատրպէյճանցիներու ցեղասպանութիւն»։

            Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հայկական Հարցը մարտավարական նկատառումներով չդարձնելով արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ, այնուամենայնիւ, հսկայական աշխատանք պէտք էր տանէր այդ հիմնահարցի տեղեկատուական եւ քարոզչական մեքենան միջազգային եւ ազգային-քաղաքական բարձր մակարդակով իրականացնելու համար։ Պէտք է ստեղծուէր ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳԻՏԱԿԱՆ-ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԿԱՃԱՌ, որու նպատակը պէտք է ըլլար՝ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԻ ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ։ Այս կաճառը պէտք էր մշակէր Հայկական Հարցի քարոզչութեան մեթոտներն ու ձեւերը, նաեւ, այս կաճառին մէջ պէտք էր ընդգրկուէին հայ եւ այլ ազգի արհեստավարժ մասնագէտներ։ Պէտք էր հրաւիրել Համաշխարհային Հայկական Համագումար, որ իր վրայ պէտք է վերցնէր Հայկական Հարցի ուղղութեամբ տարուող բոլոր աշխատանքներու կազմակերպումը, համակարգումը եւ ֆինանսաւորումը։ Այս համագումարի աշխատանքներուն իրենց գործուն մասնակցութեամբ պէտք հանդէս գային նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնները։ 

        Բ) Հայոց Ցեղասպանութիւնը ՝ Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան մէջ։

         Հայկական Հարցի համար մղուող պարքարին քարոզչութիւնն ու ղեկավարութիւնը վստահելով Համաշխարհային Հայկական Համագումարին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ բնագաւառին մէջ իր հիմնական խնդիրը պէտք է համարէր Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին հասնիլը։ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն եւ այդ իրողութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուելէ յետոյ ՝ հզօրացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը մտնէր Հայկական Հարցի համար մղուող պայքարի երկրորդ փուլ ՝ պաշտօնապէս մարտավարական ծրագիրի, պետութեան արտաքին քաղաքականութեան գործընթացի մէջ մտցնելով Հայկական Հարցը։ Այսպէսով, պատմութեան ներկայ փուլին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է հետեւողականօրէն պայքարէր հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, որ հիմք կը հանդիսանար պետականօրէն Հայկական Հարցի համար մղուող պայքարի երկրորդ փուլին անցնելու համար։

        Գ) Սփիւռքը ՝ Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան մէջ։

          Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգին մէջ պէտք էր առանձնայատուկ տեղ գրաւէր նաեւ Սփիւռքը ՝ որպէս Հայկական Հարցի եւ Ցեղասպանութեան խնդիրի բաղկացուցիչ մաս, որպէս ցեղասպանութեան արդիւնք։

          Այստեղ կարեւոր կը նկատենք արձանագրել հետեւեալ նկատառումները.-

          1) Միջազգային ասպարէզին մէջ Հայկական Հարցին կրողը եւ դրօշակակիրը պէտք է ըլլայ Սփիւռքը։ Եթէ պատմութեան արդի փուլին մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ելլելով առարկայական եւ իրատեսական աննպաստ պայմաններէն, մարտավարական նկատառումներով նպատակայարմար չի համարէր իր ձեռքը վերցնել Հայկական Հարցի համար մղուող պայքարը, ապա այդ պայքարի դրօշակակրը պէտք է դառնայ Սփիւռքը։

          2) Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար կարեւոր դեր ունի կատարելիք նաեւ Սփիւռքը։ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի միացեալ ջանքերով, արտաքին թէ ներքին ամբողջ ներուժի օգտագործմամբ միայն հնարաւոր կ՚ ըլլայ հասնիլ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման։

          3) Վերոյիշեալ խնդիրները համազգային ուժերով լուծելու համար անհրաժեշտ էր որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի հարցերով զբաղուող (նախարարութիւն, յանձնակատար) մարմինը ղեկավարուէր ազգային մտաւորականութեան ներկայացուցիչներէ, որոնց խօսքն ու հեղինակութիւնը պատկառելի եւ ընդունելի պիտի ըլլար Սփիւռքի համար։

          Վերոնշեալ խնդիրներու իրականացմամբ ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը կարելիութիւն կ՚ ըստանար Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայկական Հարցի միջազգային ճանաչման համար մղուող պայքարին լիովին օգտագործել Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր ուժերը եւ հնարաւորութիւնները։ Այսպիսով, հայ ժողովուրդը կը համոզուէր որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը կը վարէ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵՆԷ բխող ազգային քաղաքականութիւն, որ հիմք կը հանդիսանար ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ, ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ եւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ։

           Իսկ ելլելով մեր երկրի ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ շահերէն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը բոլոր պարագաներուն պէտք էր ընտրէր յուսալի ռազմավարական դաշնակիցներ իր անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնըեւ ինքնիշխանութիւնը ամրապնդելու համար։ Պատմութեան հրամայականով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք էր վարէր հակակշիռ դաշինքներու քաղաքականութիւն։ Հակաթուրքական դաշինքին մէջ իրենց տեղը պէտք է ունենային, Հայաստանը, Յունաստանը, Կիպրոսը, Սերպիան, Պուլկարիան, Իրանը, Չինաստանը, Եգիպտոսը, Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւայլն։

           Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ կարեւորագոյն տեղ պէտք էր  գրաւէր մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթական համակարգերը։Այս համակարգերը պարտադիր պէտք էր որ  գտնուէին պետութեան հոգատարութեան ներքոյ։

           Այսպիսով, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնական խնդիրը արդի ժամանակահատուածին մէջ՝ հայ անկախ պետականութեան ամրապնդումն ու հզօրացումն էր, պետութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգերու մշակումն ու իրագործումը, հայ մշակոյթի, գիտութեան, տնտեսութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան բազմակողմանիացման, կրթական համակարգերու եւ հայոց բանակի արդիականացման եւ զարգացման պայմաններու ստեղծումը։ 

            Հայաստանի Հանրապետութեան ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԴԵՐԸ այն է, որ ան կ՚ ապահովէ հայ ժողովուրդի եւ հայ պետականութեան գոյատեւումն ու յետագայ զարգացումը եւ միաժամանակ հիմնակէտ կը հանդիսանայ Ազատ եւ Ինքնիշխան  Հայաստանի գոյատեւման եւ բարգաւաճման համար։

 

Գէորգ Հալէպլեան