image

Փութին շքերթի ժամանակ բարձր գնահատած է բոլոր նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու ներդրումը յաղթանակին մէջ

Փութին շքերթի ժամանակ բարձր գնահատած է բոլոր նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու ներդրումը յաղթանակին մէջ

Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին մէջ մայիս 9-ին Յաղթանակի օրուան 80-ամեակին նուիրուած շքերթի ընթացքին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը ընդգծած է պատմական յիշողութեան պահպանման, միասնութեան եւ նացիզմի դէմ պայքարի կարեւորութիւնը։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը շնորհաւորած է քաղաքացիները, վեթերանները, զինուորականները եւ բոլոր հիւրերը՝ Մեծ Յաղթանակի տօնի կապակցութեամբ։ Ան հպարտութեամբ նշած է, որ մայիս 9-ը կը մնայ Ռուսիոյ համար ամենասրտաբուխ ու միաւորող տօնը։

«Այս օրը խորին յարգանքով կը խոնարհինք այն սերունդի առջեւ, որ ջախջախեց նացիզմը եւ ազատութիւն պարգեւեց մարդկութեան։ Մեր հայրերը, պապերն ու նախապապերը փրկեցին հայրենիքը եւ մեզի պատգամեցին պաշտպանել այն՝ մեր ազգային շահերը, մշակոյթը, աւանդական արժէքները»,–ըսած է Վլատիմիր Փութինը։

Անոր խօսքով՝ Սովետական Միութեան բոլոր ժողովուրդները կրած են պատերազմի ընդհանուր բեռը՝ ընդգծելով Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Ասիոյ բնակիչներու ներդրումը, որոնք ոչ միայն ռազմաճակատին մատակարարած են անհրաժեշտ ամէն բան, այլեւ ապաստան տուած են տարհանուածներուն։

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը դատապարտած է պատմութեան խեղաթիւրման փորձերը եւ նշած, որ Ռուսիոյ պարտքն է պաշտպանել Կարմիր բանակի մարտիկներու պատիւը՝ ընդգծելով, որ Ռուսիան պիտի մնայ նացիզմի, ռուսատեացութեան եւ հակասեմիտիզմի դէմ անխորտակելի արգելք։

Ան նշած է, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին յաղթանակը ձեռք բերուած է բոլոր ազգերու համատեղ ջանքերով, այդ շարքին՝ դաշնակիցներու, դիմադրութեան շարժման եւ Չինաստանի ժողովուրդի մասնակցութեամբ։

Ելոյթի աւարտին Վլատիմիր Փութինը կարեւորած է հայրենասիրական աւանդոյթներու փոխանցումը սերունդներուն։