image

Մարեմական ժամերգութիւն՝ նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Մակար Արք.ին

Մարեմական  ժամերգութիւն՝ նախագահութեամբ  Առաջնորդ Սրբազան Մակար Արք.ին

 Ս. Աստուածածինին նուիրուած մայիսեան ժամերգութիւնները շարունակելով, Երկուշաբթի, 5 Մայիս 2025-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Աստուածամօր նուիրուած ժամերգութեան հանդիսապետեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, հոգեւորականաց դասուն մասնակցութեամբ եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Աղօթական մթնոլորտի մէջ, Աստուածամօր նուիրուած աղօթքներ արտասանուեցան եւ շարականներ երգուեցան։

Սրբազան Հօր պատգամին բնաբանն էր Պօղոս առաքեալին Հռոմայեցիներուն գրած նամակի հետեւեալ համարները. «Ուստի, եղբայրնե՛ր, քանի Աստուած ա՜յնքան ողորմած եղաւ մեզի հանդէպ, կ՚աղաչեմ որ դուք ձեզ Աստուծոյ ընծայէք որպէս կենդանի զոհ մը՝ իրեն վերապահուած, որովհետեւ ատիկա՛ է Աստուծոյ ուզած հոգեւոր պաշտամունքը։ Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է Իրեն եւ կատարեալ» (Հռ 12.1-2)։

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Աստուծոյ ողորմածութիւնը մեզի հանդէպ Քրիստոսով յայտնուեցաւ՝ խաչին վրայ կատարած իր զոհագործութեամբ, պատարագումով, արեան հեղումով, մահուամբ եւ յարութեամբ։ Հետեւաբար, Աստուածամօր մաքրամաքուր եւ անբիծ կեանքի օրինակով անհրաժեշտ է, որ մեր կեանքը որպէս կենդանի զոհ ընծայենք Աստուծոյ եւ պայքարինք՝ Քրիստոսը ունենալով մեր կեանքին մէջ եւ հոգեւոր պաշտամունք մատուցելով, որպէսզի մաքրուինք աշխարհիկ կիրքերէն ու ցանկութիւններէն, որոնք մեր կեանքերը կ՚աղաւաղեն։

Սրբազան Հայրը անդրադառնալով այսօրուան աշխարհի մարդոց վարմունքին եւ չարի ընտրութեան, որոնք փորձառութեան պակասի արդիւնք են, հրաւիրեց ժողովուրդի զաւակները Պօղոս առաքեալի բառերով՝ հետամուտ ըլլալու լաւը ընտրելու, Աստուծոյ կամքը կատարելու եւ նորոգուած հոգիով նոր մարդ դառնալու, որպէսզի Աստուծոյ Հոգին առաջնորդէ զիրենք դէպի բարին եւ կատարեալը։

Սրբազան Հայրը գնահատեց ներկայութիւնը հայ մայրերուն եւ քոյրերուն, որոնք զոհողութեամբ եւ անձնուիրութեամբ յատկանշուած են։ Ան Աստուածամօր բարեխօսութիւնը խնդրելով, մաղթեց, որ մայիսեան ժամերգութիւններուն ընթացքին հաւատացեալներուն մէջ աստիճանաբար աճի Աստուծոյ հոգին եւ իրենց կեանքով Աստուծոյ հաճութիւնը շահին։ 

Հաւատացեալները հոգեպարար կերպով երգեցին «Տէր Ողորմեա՛»ն եւ Տէրունական աղօթքը, ապա Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով, հոգեկան գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց տուները: