image
Հրատապ լուրեր:

Զելենսքին պէտք է վերացնէ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու օրէնսդրական արգելքը. Լաւրով

Զելենսքին պէտք է վերացնէ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու օրէնսդրական արգելքը. Լաւրով

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին պէտք է վերացնէ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու օրէնսդրական արգելքը՝ Մոսկուայի հետ բանակցութիւնները վերսկսելու համար։ Այս մասին պրազիլեան O Globo թերթին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը։

«Քիեւն էր, որ դուրս եկաւ բանակցային գործընթացէն 2022 թուականի ապրիլին: Եւ այդ ըրաւ արեւմտեան համակարգողներու խնդրանքով: Այնուհետեւ այդ տարուան սեպտեմբերին Վլատիմիր Զելենսքին օրէնսդրական արգելք մտցուց Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու համար: Այն դեռ ուժի մէջ է: Բանակցութիւնները վերսկսելու համար արգելքը պէտք է հանուի», -ըսած է Ռուսիոյ ԱԳ նախարարը:

Ռուսիոյ արտաքին դիւանագիտական ​​գերատեսչութեան ղեկավարը նշած է, որ վերջերս ամերիկեան CBS հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին Զելենսքին կրկին դէմ արտայայտուած է բանակցութիւններուն։ Ինչպէս նշած է Լաւրովը, այդ հարցազրոյցին մէջ Զելենսքին յայտարարած է, որ չի կրնար վստահիլ Ռուսիոյ եւ անոր հետ բանակցութիւններուն։