Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ փակ դռներու ետին հանդիպած է Իսրայէլի ռազմավարական հարցերով նախարար Ռոն Տերմըրի հետ՝ քննարկելու Իրանի հետ միջուկային համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններն ու Կազայի հատուածին մէջ հակամարտութիւնը։ Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ-ը։
Հանդիպումը Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Քերոլայն Լեւիթի խօսքով՝ եղած է «մասնաւոր», եւ այդ մասին չեն յայտնած ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ էլ Իսրայէլը։
Հակառակ հանդիպման «գաղտնիութեան»՝ ներկայ եղած են փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը, արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն եւ նախագահի յատուկ դեսպանորդ Սթիւ Ուիթքոֆը։ Տերմըրը նաեւ առանձին հանդիպում ունեցած է արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյի հետ եւ մտահոգութիւն յայտնած, որ Սպիտակ տունը նախապէս չի հաղորդած Եմէնի «Անսար Ալլահ» (հուսիներու) շարժման հետ հրադադարի ծրագրերու մասին ու անտեսած է Իսրայէլի ցանկութիւնը՝ Իրանին ուժային պատասխան տալու վերաբերեալ։
Դեռ փետրուարին Թրամփ յայտարարած էր, որ պատրաստ է գործարք կնքելու Իրանի հետ՝ անոր դէմ պատերազմելու փոխարէն։ Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշած էր, որ կ՚ուզէ Իրանի հետ հասնիլ «ճշդուած» միջուկային խաղաղութեան համաձայնագրի, որ թոյլ կու տայ Թեհրանին խաղաղ զարգանալ ու բարգաւաճիլ եւ կոչ ըրած է անյապաղ սկսելու աշխատանքները։
Երեքշաբթի ալ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը յայտարարած էր, որ «Անսար Ալլահ» շարժման հուսիները համաձայնած են դադրեցնել Կարմիր ծովու մէջ նաւերու վրայ յարձակումները, ուստի ամերիկեան զօրքերն այլեւս պիտի չհարուածեն Եմէնի տարածքին մէջ ապստամբներու կառոյցներուն: Իսրայէլը, սակայն, մտահոգուած է, որ նախագահի յայտարարած հրադադարը չի վերաբերիր Իսրայէլի վրայ յարձակումներուն։