Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան Դամասկոսի մէջ շնորհաւորական այցելութիւն տուած է Սուրիոյ ֆինանսներու նախարար դոկտ. Ռիատ Ապտըլ Ռաուֆին եւ զբօսաշրջութեան նախարար երկրչփ. Մուհամմէտ Ռամի Մարթինիին։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ՝
Անցնող շաբթուան ընթացքին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, ազգային պատուիրակութեամբ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Սուրիոյ ֆինանսներու նախարար դոկտ. Ռիատ Ապտըլ Ռաուֆին եւ զբօսաշրջութեան նախարար երկրչփ. Մուհամմէտ Ռամի Մարթինիին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան եւ Յարաբերական մարմինի անդամներ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թեմի ժողովուրդին եւ ժողովականութեան անունով շնորհաւորեց երկու նախարարները եւ Սուրիոյ տնտեսութեան զարգացման նպաստող բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց անոնց։