Ինչ կը վերաբերի ապագայ իրադարձութիւններուն, ապա փաստ է, անշուշտ, որ Լիբանանի մէջ այսօր հիմնարար բառը կը շարունակէ մնալ «սպասողականութիւն»ը։ Սպասողականութիւն սահմանային իրավիճակին առընթեր, սպասողականութիւն՝ ներքին խլրտումներու եւ սպասուած բախումներու առընթեր ու յատկապէս սպասողականութիւն այն առումով, որ արդեօք «Հիզպուլլահ»ը իր թեւերը սոթտելով միջամուխ պիտի դառնա՞յ ներքին տինամիքներուն։
Իրավիճակը աւելի քան բարդ է ու մտավախութիւնները աւելի քան մեծ, որովհետեւ Լիբանանի համար լաւն ու բարին չկամեցող կողմերուն համար (որոնք այսօր մխրճուած են Կազզէի աւազներուն մէջ) էական եւ հիմնարար կը շարունակէ մնալ ներսէն պայթեցնել երկիրը ու այդ կերպով ալ անցնիլ անոնց տեսակէտէ կենսական համարուող «Հիզպուլլահ»ի ռազմական կարողութիւններու լուծարման փուլին։ Ինչ խօսք, որ դժուար իրագործելի է այդ մէկը, բայց նոյնիսկ այդ փորձը, փորձողներուն եւ կամեցողներուն համար ժամանակի առումով փրկութեան լաստանաւ մըն է, որ աւելի սահուն կրնայ թիավարել՝ քան այն նաւերը, որոնք Կարմիր ծովու ծայրերը ահ ու վախով կը չափչփեն…
Բաւական բարդ օրեր կը բոլորէ Լիբանանը։ Խնդիրը, անշուշտ, երկրի տնտեսական դրութիւնը չէ միայն այլ՝ երկրի հարաւային հատուածի «կիսապատերազմական» իրավիճակը։
Կազզէի պատերազմի սկիզբէն ի վեր Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային հատուածը քուն ու դադար չունի։ Իսրայէլ կը հարուածէ եւ «Հիզպուլլահ»ը կը պատասխանէ։ Երկու կողմերը ունին հարիւրաւոր զոհեր ու մարդկային երեսակով տխուր է նաեւ դիտարկել, որ երկու հակառակորդ երկիրներու պարագային սահմանային գօտիներու ամբողջ բնակչութիւնը ստիպուած է լքել իր բնակավայրը եւ հաստատուիլ համեմատաբար նուազ վտանգաւոր շրջաններ։ Իսրայէլի պարագային տագնապը աւելի խոր է եւ կը խօսուի, որ Իսրայէլի հիւսիսային շրջաններէն շուրջ 200 հազար մարդ ստիպուած է թողել իր տուն-տեղը եւ կեանքը շարունակել կա՛մ պանդոկներու, կամ ալ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ տրամադրուած բնակարաններուն մէջ։ Գալով Լիբանանին՝ իրավիճակը աւելի բարդ է, որովհետեւ հարաւի բնակիչներուն մեծամասնութիւնը չունի այն նեցուկը, որ Պենիամին Նեթանիյահուի կառավարութիւնը կը տրամադրէ իսրայէլացի գաղթականներուն եւ, անշուշտ, այդ բանին պատճառը կապուած է Լիբանանի տնտեսական տագնապին հետ։ Բաց աստի, կայ պատերազմի մեծնալու վտանգը եւ այդ մասին կը խօսին յատկապէս Իսրայէլի ռազմական պատասխանատուները, որոնք ամէն առթիւ կը սպառնան հարուածել Պէյրութը եւ քարուքանդ ընել ամբողջ Լիբանանը։
Այս բոլորը դիտարկելէ ետք, անշուշտ, կայ ներքին վախ մը, որ համատարած դարձած է Լիբանանէ ներս եւ Պէյրութի ու այլ շրջաններու քաղաքացիներ ունին լրջագոյն վախեր, թէ երկիրը յանկարծ կը գլտորի մեծ պատերազմի մը մէջ։
Այս բոլորի լոյսին ներքեւ, քիչ չեն քաղաքական այն ուժերը, որոնք օրն ի բուն կը դժգոհին «Հիզպուլլահ»էն եւ այս փուլին եւս կը բարձրացնեն շիի կուսակցութեան ապօրինի զէնքին խնդիրը, որ եւս կը հանդիսանայ երկրի բաժանարար գիծը եւ հասարակութիւնը բաժնող շեղագիծ մը։
Կազզէի պատերազմը անադամալուծութեան մատնած է ամբողջ շրջանը, ալ ո՛ւր մնաց Լիբանանի պարագան, որ նախքան այս պատերազմը կ՚ապրէր քաղաքական անորոշութիւններու ընդհանուր համայնապատկերի մը վրայ։ Նախագահի ընտրութեան հիմնահարց, նոր կառավարութիւն մը կազմելու շեշտադրում ու այս բոլորին հետ տնտեսութիւնը փոսէն հանելու ծրագիրներ, որոնք կը շարունակեն սպասել իրենց հերթին ու կերպով մըն ալ յանձնուած են տարածաշրջանի երկիրներու խղճին ու կամեցողութեան… Այս տեսանկիւնէն, գրեթէ բոլոր լիբանանցիները շատ լաւ կը գիտակցին, թէ իրենց երկրի առկայ խնդիրներու լուծման հիմնական բանալիները չեն գտնուիր քաղաքական վերնախաւի մօտ, որ բոլոր իմաստներով ալ կը համարուի սպառած։
ՑՆՑԻՉ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊՔ
Այս բոլորը թուարկելէ ետք հարկ է խօսիլ օրեր առաջ ամբողջ Լիբանանը ցնցած սպանութեան մը մասին, որուն զոհ գնաց «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան Ժիպէյլ քաղաքի ընդհանուր համակարգող Փասքալ Սուլայմանը։ Վերջինիս առեւանգումէն օր մը անց պարզուեցաւ, որ ան սպաննուած է ու անոր դիակը կը գտնուի Սուրիոյ մէջ։ Ըստ պատկան մարմիններու, Սուլայմանի ինքնաշարժը թալանելու պատրուակով յանցագործները սուրիացիներ էին, որոնք կը պատկանին ինքնաշարժներ թալանող մաֆիայի մը եւ ըստ նախնական տուեալներու, անոնք կը ղեկավարուին Սուրիայէն։ Այստեղ կը ծագի բազում հարցեր՝ հաշուի առնելով, որ դէպքը կրնայ ունենալ քաղաքական դրդապատճառներ։ Այլ մանրամասնութիւն, որ դէպքը պատահած էր զանազան համայնքներու բնակավայր Ժիպէյլ քաղաքին մէջ։
Ճիշդ է, որ դեռ վաղ է վերջնական հաստատումներ կատարելը, սակայն դէպքին ժամկէտը, այդ մասին լրատուութիւնը ու ապա բանակին կողմէ յանցագործներուն բացայայտումը տարաբնոյթ վերլուծումներու առիթ կը դառնայ։ Արդեօք Լիբանան կը մտնէ՞ քաղաքացիական պայքարի կամ արիւնահոսութեան նոր փակուղիի մը կամ եղածը պիտի թաղուի-երթայ՝ ինչպէս նմանատիպ բազում դէպքեր։
Ի դէպ, սպանութեան դէպքի լուրի տարածումէն ժամեր անց եւ յատկապէս քրիստոնէական շրջաններու տաք գլուխ երիտասարդներ արագօրէն փողոց իջան եւ որպէս բողոքի արտայայտութիւն՝ ո՛չ միայն փակեցին Ժիպէյլը միւս շրջաններուն կապող մայրուղիները, այլեւ յարձակեցան աջ ու ահեակ եւ ծեծի թիրախ դարձուցին փողոցներէն պատահականօրէն անցած սուրիացի փախստականները։ Առաջին անգամը չէր, որ այդ երիտասարդները նման վարք կը դրսեւորէին, բայց եւ այնպէս, այս անգամուան դէպքերը շատ աւելի ծանր էին, որովհետեւ իրենց տեսակէտէ դէպքը ունէր քաղաքական բնոյթ եւ կատարուած էր սուրիացիներու ձեռամբ։ Չմոռնանք, որ այս բոլորը կը կատարուէին տարածաշրջանային բաւական ծանր իրադարձութիւններու լոյսին տակ եւ իրադրութիւնը կրնար եւ կրնայ աւելիով թէժանալ, եթէ լարում ապրող փողոցը իր ջղայնութիւնն ու վրդովմունքը շարունակէ թափել սուրիացիներու գլխուն։
Հարկ է նշել, որ այս պարագային ալ եւ անվերապահօրէն տուժողը Լիբանանի անպաստպար մնացած քաղաքացին է, որ յաճախ զոհ կը դառնայ քաղաքական խորունկ եւ յաճախ աղօտ ներքին պայքարներու, նաեւ Լիբանանի տարողութենէն շատ աւելի մեծ տարածաշրջանային պայքարներու։
Ինչ կը վերաբերի ապագայ իրադարձութիւններուն, ապա փաստ է, անշուշտ, որ Լիբանանի մէջ այսօր հիմնարար բառը կը շարունակէ մնալ «սպասողականութիւն»ը։ Սպասողականութիւն սահմանային իրավիճակին առընթեր, սպասողականութիւն՝ ներքին խլրտումներու եւ սպասուած բախումներու առընթեր ու յատկապէս սպասողականութիւն այն առումով, որ արդեօք «Հիզպուլլահ»ը իր թեւերը սոթտելով միջամուխ պիտի դառնա՞յ ներքին տինամիքներուն։
Իրավիճակը աւելի քան բարդ է ու մտավախութիւնները աւելի քան մեծ, որովհետեւ Լիբանանի համար լաւն ու բարին չկամեցող կողմերուն համար (որոնք այսօր մխրճուած են Կազզէի աւազներուն մէջ) էական եւ հիմնարար կը շարունակէ մնալ ներսէն պայթեցնել երկիրը ու այդ կերպով ալ անցնիլ անոնց տեսակէտէ կենսական համարուող «Հիզպուլլահ»ի ռազմական կարողութիւններու լուծարման փուլին։ Ինչ խօսք, որ դժուար իրագործելի է այդ մէկը, բայց նոյնիսկ այդ փորձը, փորձողներուն եւ կամեցողներուն համար ժամանակի առումով փրկութեան լաստանաւ մըն է, որ աւելի սահուն կրնայ թիավարել՝ քան այն նաւերը, որոնք Կարմիր ծովու ծայրերը ահ ու վախով կը չափչփեն…
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս